Հայոց Ցեղասպանութենէն Փրկուածներն Ու Անոնց Չափազանց Կարեւոր Գիւտերը
Armenian Youth Federation-ը, ուշադրութիւն հրաւիրելով Հայոց ցեղասպանութեան վրայ, ներկայացուցած է 1915-էն առաջ կամ յետոյ Ամերիկա գաղթած հայերու պատմութիւնն ու ողջ մնացածներու` մարդկութեան կեանքը փոխած գիւտերը. Tert.am-ի փոխանցմամբ, կը գրէ թրքական Demokrat Haber կայքը:
Ռայմոնտ Տամատեան ծնած է Նիւ Եորք: 1915-ին փրկուած եւ ԱՄՆ գաղթած Վահան Տամատեանի որդին է: 1969-ին ստեղծած է բժշկութեան մէջ անփոխարինելի` «Magnetic resonance» պատկերի ախտորոշման սարքը:
Լիւթեր Ճորճ Սիմճեան ծնած է 1905-ին Այնթափ, 1915-ին կորսնցուցած է ողջ ընտանիքը: ԱՄՆ գաղթելէ ետք շարք մը գիւտերու հեղինակ դարձած է, ինչպէս նաեւ` պանքոմատի «ATM»:
Արթուր Պուլպուլեան ծնած է 1900 թուականին, ԱՄՆ գաղթած է 1920-ին: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ամերիկեան բանակի կողմէ օգտագործուած A14 հակակազային դիմակի հեղինակն է:
Ասատուր Սարաֆեան ծնած է 1895-ին` Կեսարիա: Համիտեան ջարդերէն փրկուիլ փորձող ծնողներու որդին
ծնած է փախուստի պահուն: 1914-ին գաղթած է իր երազանքներու երկիրը` Ամերիկա: Բազմաթիւ գիւտերու հեղինակ է, բայց անոր ամենակարեւոր գիւտը, անկասկած, ինքնաշարժներու ինքնազօր փոխանցման տուփն է:
Ալէք Մանուկեան ծնած է 1901-ին Իզմիր: ԱՄՆ-ի մէջ հաստատուած է 1920-ին: Ստեղծած է իր մը, առանց որուն այսօր լոգարանը պատկերացնել հնարաւոր չէ. ան առանց փականի ծորակի` գիւտի հեղինակն է: