Թուրքիան Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը. La Nacion Պարբերականի Անդրադարձը

Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած Ցեղասպանութենէն մէկ դար անց ճշմարտութիւնը պէտք է ճանչցուի ողջ աշխարհի հանգստութեան համար: Այս մասին կ’ըսուի La Nacion արժանթինական պարբերականի խմբագրական յօդուածին մէջ, որ կը ներկայացնէ Tert.am-ը:
«Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է մէկ դար առաջ` Օսմանեան կայսրութեան մէջ` Երիտթուրքերու կառավարութեան օրօք` 1915-1923 թուականներուն: Այս իրադարձութիւնը այն նողկալի միջադէպերէն է, որ կը յիշէ համաշխարհային պատմութիւնը, որ պայմանաւորուած էր 1.5-2 մլն հայու բռնի տեղահանութեամբ:
Հաշուի չառնելով փաստավաւերագրական ապացոյցները` Թուրքիան մէկ դար շարունակ կը հերքէ կատարուածը` փորձելով խեղաթիւրել պատմութիւնը` պնդելով, որ Ցեղասպանութիւն չէ եղած, եւ թուրքերը մեղաւոր չեն:
Այս առումով պէտք չէ ուշադրութիւն դարձուի ժխտողական քաղաքականութեան իրագործման, որուն ուղղուած հերթական քայլն էր Ապրիլ 24-ը ազգային տօնակատարութեան օր հռչակելը` իբրեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Կալիփոլիի ճակատամարտի յաղթանակի օր:
Պէտք չէ մոռնանք պատմութեան այն դաժան պահերը, որոնց զոհ գնաց մէկուկէս միլիոն հայ` ամենադաժան ճանապարհով:
Թրքական կողմը կը խեղաթիւրէ պատմական իրադարձութիւնները` ատոնք սխալ ներկայացնելով թրքական հեռուստատեսութեան համար նախատեսուած ֆիլմերուն մէջ, որոնցմէ մէկը կը ցուցադրուի անգամ մեր երկրին մէջ:
Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք չէ քօղարկուի կամ առաւել եւս` ջնջուի պատմութենէն: Ժամանակը հասած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ճանչնան այն»: