Առաջարկ Սփիւռքահայութեան. Վճռական Պատասխանը Պիտի Ըլլայ ՀՀ Քաղաքացի Դառնալը

Ուզեցին մէկ հայ թողնել,
Եւ այն էլ… թանգարանում…
Անմահ Սեւակ մէկ նախադասութեան մէջ ամփոփած է ցեղասպանութեան ծրագրի էութիւնը: Թալէաթն այդ նախադասութիւնն ըսա՞ծ է թէ ոչ. երբե՛ք կարեւոր չէ: Ծրագրի գործադրութեան մանրամասնութիւններուն ծանօթանալն ու հետեւանքներու կշռադատումը բաւարար է հասկնալու համար, որ Թալէաթին եւ իր գաղափարակիցներուն համար այդ մէկ հայն ալվտանգ էր:
Կը ջանամ հետեւիլ 100-րդ տարելիցի բազմազան ծրագիրներուն. յիշատակի եւ պահանջատիրական հանդէսներ, դատական պահանջներ, յուշարձաններ, ցուցահանդէսներ, քայլարշաւներ, ուխտագնացութիւններ, դասախօսութիւններ, սեմինարներ, գիրքերու հրատարակութիւններ, թարգմանութիւններ, ֆիլմեր եւայլն…
Այս բոլորէն անկախ, համոզուած եմ, որ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, արեւմտահայուն ամէնէն դիպուկ եւ վճռական պատասխանը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալը:
Մեր մեծ հայրերն ու մայրերը հայրենիքէն զրկուեցան եւ օտար երկիրներու մէջ մեզի կեանքտուին: Վերադարձի յոյսը եւ կամքը առկայծ պահելով, իրենց ըմբռնած եղանակներով պայքարեցան: Այսօր ունինք անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն, որ լոկ կորիզն է խլուած եւ 100տարի առաջ դատարկուած Հայաստանին: Այդ հայրենիքը, իր անկախ եւ խլուած բաժիններովհոն է. «կորուսեալ» չէ, ինչպէս ոմանք կը սիրեն ըսել: Մեզի կը մնայ անոր ՏԷՐ ըլլալ:
Եւ ԽՆԴՐԵՄ (քերականական կոպիտ խախտումին համար ներողամիտ եղէք). «Պետականութիւն» եւ «Իշխանութիւն» ըմբռնումները իրարու հետ մի՛ շփոթէք, գոնէ այս անգամ: Այս բոլորէն անդին, եւ ասոնցմէ առաջ, շա՜տ աւելի հիմնական եւ արմատական քայլ մը պէտք է առնել.ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ստանալ: Մենք մեզի եւ թըշնամիին պէտք է ապացուցենք, որմենք ՏԷՐն ենք ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔին: Խօսքով եւ երգով չէ, յանձնառութեա՛մբ ՏԷՐն ենք:
Պատմական այս քայլը պարտական ենք մեր հայրերուն եւ մեր զաւակներուն: Հայրենիքէնանջատ ապրող մեր զաւակներուն պէտք է փոխանցել հայրենիքի պատկանելութեան հպարտութիւնը: Անոնց մտքին մէջ ստեղծուած հայրենիքի աղօտ գաղափարը առարկայական իրականութեան պէտք է վերածել: Իրողութենէն, պայմաններէն եւ ղեկավարներէն դժգոհանքըսեփական պետութիւնը նսեմացնելու իրաւունք չի տար:
100-րդ տարելիցին մեր կորուստը իւրովի վերականգնենք:1,5 միլիոն նահատակի համարայսպիսի պարզ ծրագիր մը Սփիւռքի բոլո՛ր գաղութներուն մէջ պէտք է կեանքի կոչել եւ հետապնդել: Ի՞նչը ցեղասպանին երեսն ի վեր նետուած աւելի հատու պատասխան կրնայ ըլլալ,քան տարուէ տարի հզօրացող հայկական պետութիւնը, օժտըւած` պետականութեան բոլորերաշխիքներով:
1,5 միլիոն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻ աւելցնենք մեր հայրենիքի բնակչութեան թիւին վրայ:Լաւ. գործնական ըլլալու համար, պէտք է առաջարկեմ, որ իւրաքանչիւր 100 նահատակի յիշատակին համար ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 1 (ՄԷԿ) ՔԱՂԱՔԱՑԻ աւելցնենք: Չյապաղինք:
Մարի Մերտխանեան-Եարալեան
kantsasar.com