ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Դանիոյ Մէջ ՀՀ Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Հրաչեայ Աղաջանեանը

Յունուար 31–ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Դանիոյ  եւ Նորվեկիոյ Թագաւորութիւններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ն.Գ. պարոն Հրաչեայ Աղաջանեանը եւ Դանիոյ մէջ Իրաքի նախկին դեսպան, ազգութեամբ հայ, փրոֆէսոր Ալպերդ Իսսա Նոտոր Սարաֆեանը:

Նախարարը ողջունելով հիւրերը` շնորհաւորեց Ա.Սարաֆեանը առաջին անգամ Հայաստան ժամանելուն ու հայկական կացութեան կարգավիճակ ստանալուն առիթով:

Նախարարը հիւրերուն ներկայացուց հայապահպանութեանը ուղղուած` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ քննարկուեցան շարք մը այլ հարցեր:

Արպերդ Սարաֆեան քաղաքագիտութեան փրոֆէսոր է, կը դասաւանդէ Իրաքեան Քիւրտիստանի Սուլէյմանիոյ համալսարանին մէջ, 2010–14թթ–ը եղած է Դանիոյ  Թագաւորութեան մէջ Իրաքի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:

 

Scroll Up