Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համակարգող Մարմինի Հերթական Նիստը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Յունուար 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարութեան մէջ կայացաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի հերթական նիստը, որ կը վարէր համակարգող խորհուրդի նախագահ Շահան Գանտահարեան:

Նիստին կը մասնակցէին համակարգող մարմինի անդամներ ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն Ն. Մարտիրոսեան, ՀՀ Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատասխանատու աշխատակիցներ:

 Նիստին հեռակապով միացած էին նաեւ Իրանի §Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Չեխիոյ §Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, Լիբանանի §Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան եւ գրող, հրապարակախօս Յակոբ Վարդիվառեան (ԱՄՆ):

Ողջունելով նիստի մասնակիցները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. §Ուրախ եմ ողջունել այսքան վաստակաշատ լրագրողների. դուք ներկայացնում էք այն ամրոցը, որը կոչւում է տեղեկատուական ցանց: Յատկապէս այս տարի դուք շատ մեծ անելիք ունէք, եւ ձեր գործունէութիւնը, հրապարակումներն ու աշխատանքները պէտք է բխեն  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող յանձնաժողովի կողմից երէկ ընդունուած համահայկական հռչակագրի տառին ու ոգուն:

Այնուհետեւ նախարարը շեշտեց, որ հակառակ աննախադէպ ողբերգութեան, հայ ժողովուրդը դրսեւորեց իր ազատատենչ ոգին եւ անկոտրում կամքը, որուն արդիւնքը այսօր մեր երկու պետական միաւորումներու` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններու առկայութիւնն է: Անոնց գոյութեամբ հնարաւոր դարձաւ այսօր` 100 տարի անց, ազգովի եւ պետականօրէն ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը, շարունակել պայքարը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգման համար: Հրանոյշ Յակոբեան Համահայկական Հռչակագրի կարեւոր նշանակութիւն մըն ալ համարեց այն, որ անոր մէջ ամրագրուած է հայ ժողովուրդի շնորհակալ վերաբերումն ու երախտագիտութիւնը բոլոր այն ազգերուն, պետութիւններուն, միջազգային եւ կրօնական կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, ովքեր հայ ժողովուրդի համար այդ աղիտալի օրերուն իրենց փրկարար ձեռքը մեկնեցին անոր` յաճախ վտանգելով սեփական կեանքը: Նախարարը ներկաներու ուշադրութիւնը բեւեռեց նաեւ Հռչակագրի այն կարեւոր շեշտադրումներու վրայ, որոնք կը բացառեն ամէն տեսակի ատելութիւն եւ ոխակալութիւն, կը յայտնեն զօրակցութիւն Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան այն հատուածին, որ այսօր կը հակադրուի թրքական իշխանութիւններու ժխտողական դիրքորոշման` նպաստելով պատմական ճշմարտութեան եւ արդարութեան վերականգման: Հռչակագիրը կ’ամրագրէ նաեւ հայ ժողովուրդի ետեղեռնեան կեանքի 100-ամեայ նուաճումները` վերածուելով մեր յետագայ գործունէութեան համար ուղենիշային փաստաթուղթի: Այսպիսով Հռչակագիրը ձեռք կը բերէ պատմական անուրանալի նշանակութիւն:

“Որքան ակտիւ ու գործունեայ եղաք, այնքան ուժեղ կը դիմադարձէք թուրք-ատրպէյճանական քարոզչութեանն ու կեղծարարութեանը: 2015թ. ակնկալում եմ, որ դուք միասնական կը լինէք եւ ձեր բոլոր ջանքերը համակարգուած կը ներդնէք այդ ուղղութեամբ»,- իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ նախարարը։

Քննարկուեցան նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած հարցերը` §Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` լաւագոյն հրապարակում» անուանակարգով մրցանակաբաշխութեան անուանակարգերու եւ չափորոշիչներու յստակեցումը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու լուսաբանումը տարածաշրջանային մամուլին եւ Լրագրողներու 7-րդ համաժողովին  հնչած առաջարկութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Scroll Up