Թորոնթոյի Հայերու Միջոցներով Արդիականացուած Է Շոշի Դպրոցը

“Հայաստան” համահայկական հիմնադրամն արդիականացուցած է ԼՂՀ Ասկերանի շրջանի Շոշ գիւղի` շուրջ մէկ տասնամեակ առաջ Թորոնթոյի տեղական մարմնի հովանաւորութեամբ կառուցուած եռայարկ դպրոցը: Այս մասին կը յայտնէ հիմնադրամի պաշտօնական կայքը:
Թորոնթոյի հայերու շարունակական հոգածութեան շնորհիւ այս անգամ ալ մասնակի վերանորոգում իրականացուած է դպրոցին մէջ, մասնաւորապէս` յարդարուած են արտաքին պատերը, միջանցքները, դահլիճը, գրադարանի ու բուժկէտի յատակը պատուած է խտացուած կրանիթով, նորոգուած են պատշգամները: Անձրեւներէն արդիւնաւէտ պաշտպանելու նպատակով պատուհաններուն ու պատշգամներուն վրայ տեղադրուած են ծածկեր: Դպրոցի տարածքը ցանկապատուած է:
Կրթօճախը այսօր կը յաճախէ շուրջ 150 աշակերտ` ներառեալ հարեւան համայնքներէն: Թորոնթոհայ բարերարի աջակցութեամբ 2012-ին դպրոցը ձեռք բերաւ փոքր հանրակառք, որ կը սպասարկէ յարակից գիւղերու աշակերտներուն: Երկու տարի առաջ Թորոնթոյի հայ համայնքի ջանքերով դպրոցի համակարգչային սրահը ապահովուեցաւ նաեւ համացանցով: Տարբեր տարիներու դպրոցականներուն նուիրաբերուած են սփիւռքահայ մեր հայրենակիցներուն կողմէ կարուած գեղեցիկ դպրոցական համազգեստներ:
“Հիմնադրամն իր հոգածութեան ներքոյ կը պահէ այս համայնքը: Շուտով այստեղ շահագործման կը յանձնուի նաեւ Հիմնադրամին կողմէ ներկայիս տարբեր գիւղերու մէջ կառուցուող ինը համայնքային կեդրոններէն մէկը, ուր
կեդրոնացուած կ’ըլլան գիւղի բուժկէտը, գրադարանը, խաղասրահը, հանդիսութիւններու սրահն ու գիւղապետարանը”,- կ’ըսէ “Հայաստան” հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան: