Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդը Այցելած Է Իտալիա

Իտալական Spondasud գործակալութեան փոխանցմամբ` այս մասին խօսած է Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համագումարին մասնակցելու նպատակով կը գտնուի Իտալիոյ մէջ, կը գրէ Artsakhpress-ը:

Գործակալութիւնը նշած է, որ եպիսկոպոս Նալպանտեան կը ներկայացնէ Սուրիոյ հնագոյն կրօնական համայնքներէն մէկը, եւ, ինչպէս նշած է Նալպանտեան, հայերը երբեք իրենց այստեղ չեն զգացած իբրեւ օտար մարմին: Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդը պատմած է Մեծ եղեռնի` մեծագոյն չարիքին մասին, որուն ժամանակ սպաննուած են մէկ ու կէս միլիոն հայ եւ կէս միլիոն ասորի: Հայոց թեմի առաջնորդը համոզում յայտնած է, որ ժամանակակից Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները  կրնան   ոչ  միայն   միջազգային
հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու հին ժամանակներէն  այդ տարածաշրջանի մարդկային  ողբերգութիւններուն վրայ, այլեւ ներկայացնելու Մերձաւոր Արեւելքի կանանց եւ տղամարդոց մերօրեայ տանջանքներն ու տառապանքները:

«Այսօր մեր աւելի քան չորս միլիոն համաքաղաքացիներ կ’ապրին Սնունդի համաշխարհային ծրագիրի միջոցներով, այս իրադարձութիւններու զոհերը ոչ միայն քրիստոնեաներն են, այլեւ Սուրիոյ բոլոր բնակիչները»,-  նշած է Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան:

Ան այցելած է Ճենովա, ուր հանդիպած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հայկական սփիւռքի զաւակներուն դիմելով` Նալպանտեան ըսած է. «Մենք փոքր հոտ ենք, սակայն չենք վախնար խնդիրներէն: Մենք ունինք հզօր զէնք. ատիկա մեր աղօթքներն է: Շարունակէք աղօթել մեզի համար»:

 

Scroll Up