Ատրպէյճանը Կը Հրաժարի Մասնակցիլ Հայաստանի Մէջ Կայանալիք Ճատրակի Աշխարհի Առաջնութեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/01/Շախմատ1.jpg)
Ճատրակի Ատրպէյճանի տղամարդոց հաւաքականը չի մասնակցիր Հայաստանի մէջ կայանալիք Ճատրակի աշխարհի խմբային առաջնութեան:
Ատրպէյճանական AzeriSport.com-ի փոխանցմամբ` ատրպէյճանցի շախմատիստները հրաժարած են մասնակցելու Ծաղկաձորի մէջ կայանալիք Ճատրակի տղամարդոց խմբային առաջնութեան:
Ճատրակի աշխարհի խմբային առաջնութիւնը, որն այս տարի կը կայանայ Հայաստանի մէջ, կը հիւրընկալէ Ծաղկաձորը: Խմբային առաջնութիւնը այս տարի տեղի կ’ունենայ Ապրիլ 18-29: Այդ օրերուն Ծաղկաձորը կը դառնայ ճատրակի կեդրոն:
Հայաստանի մէջ կայացած է նաեւ 2014 թուականի Եւրոպայի անհատական առաջնութիւնը: Հին աշխարհի առաջնութիւնը հիւրընկալած է: