ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպեցաւ Հոլանտայի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Պատուիրակութեան Հետ

ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբը Յունուար 20-ին հանդիպեցաւ Հոլանտայի արտաքին գործերու նախարարութեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան հետ, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած էին արտաքին գործերու նախարարութեան Եւրոպայի բաժանմունքի տնօրէն` Եոհան Վերպոմը, հայեցակարգային համակարգող աշխատակից` Մատէյս Սխրոդեր եւ հայեցակարգային աշխատակից` Մանիա Սիմոնս: Հայ Դատի յանձնախումբը կը ներկայացնէին` Մասիս Աբրահամեանը, Աննա Մովսէսեանը եւ Սեպուհ Աբրահամեանը:

Մասիս Աբրահամեանը ներկայացուց հոլանտահայութեան սպասումները հոլանտայի կառավարութենէն` Հայոց Մեծ Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին: Ան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը աշխարհի բոլոր երկիրներու ղեկավարները կը հրաւիրէ, որպէսզի 2015 թուականի Ապրիլ 24-ին ներկայ գտնուին Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի առիթով յարգելու մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Սակայն հայ ժողովուրդը յատկապէս կը սպասէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներէն, որ կ’ապահովեն իրենց ներկայութիւնը: Անկէ բացի հոլանտահայութեան համար չափազանց կարեւոր է կառավարութեան բարձրաստիճան ներկայութիւնը այստեղ` Հոլանտայի մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներուն: Պարոն Վերպոմ յայտնեց, որ Հայաստանէն պաշտօնական հրաւէր ստացած են, սակայն դեռ որոշում չէ կայացուած այցելութեան վերաբերեալ: Կը  քննարկուի նաեւ կառավարութեան մասնակցութեան հարցը այստեղ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն: Այս պարագային նոյնպէս առայժմ յստակութիւն չկայ:

Պարոն Աբրահամեան խօսեցաւ թրքական քարոզչամեքենայի Գալիպոլիի ճակատամարտի հարիւրամեակը Ապրիլ 24-ին նշելու յայտարարութեան նոր խարդաւանքներու մասին: Երբ Հոլանտայի կառավարութիւնը պարբերաբար կը նշէ երկկողմ բանակցութիւններու մասին, արդեօ՞ք կառավարութեան մօտ կայ յստակ պատկերացում Թուրքիոյ վերաբերեալ, իբրեւ բանակցող կողմի: Հայ Դատի յանձնախմբի կարծիքով Հոլանտայի կառավարութիւնը աւելի հետեւողական պէտք է գտնուի 2004 թուականի Ռաուֆուտի բանաձեւի պահանջներու իրականացման մէջ: Որքան յստակ ըլլայ դիրքորոշումը Թուրքիոյ նկատմամբ, այնքան պարզ կ’ըլլայ Թուրքիային ներկայացուող պահանջները: Հակառակ պարագային, հեղեղուկ կեցուածքի պարագային թրքական կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր մերժողականութեան եւ կեղծարարութեան քաղաքականութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ շարք մը այլ հարցեր կապուած Թուրքիոյ երկդիմի եւ կողմնակալ քաղաքականութեան հետ, մասնաւորապէս Արցախի պարագային: Արտաքին գործերու նախարարութեան պատուիրակութիւնը ուշադրութեամբ լսեց եւ խոստացաւ բարձրացուած բոլոր հարցերը փոխանցել արտգործնախարարին: Պարոն Աբրահամեանը յոյս յայտնեց, որ ներկայացուած խնդիրները, որոնք ոչ միայն Հոլանտայի մէջ ապրող, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան ակնկալիքներն են, անպատասխան չեն մնար:

Scroll Up