Անլռելի Զանգակատուն. Հայաստան 1915 -1918. Սպանիոյ Մէջ Ցեղասպանութեան Լուսանկարներու Շրջիկ Ցուցադրութիւն Բացուած Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/01/el-genocidio-armenio-2-1024x768-300x225.jpg)
Սպանիոյ մէջ Յունուար 21-ին բացուած է «Անլռելի զանգակատուն. Հայաստան 1915 -1918» շրջիկ ցուցադրութիւնը, որուն նպատակն է` Սպանիոյ մէջ տարածել եւ քարոզել մէկուկէս միլիոն քրիստոնեաներու Ցեղասպանութիւնը` իրագործուած թուրք իսլամիստներու ձեռքով, կը գրէ Tert.am-ը:
Այս մասին ինչպէս կը յայտնէ madridgratis.net մատրիտեան պարբերականը` «Անլռելի զանգակատուն. Հայաստան 1915 -1918» ցուցադրութիւնը, որ տեղեկատուական բնոյթ կը կրէ, կազմակերպուած է «Մատրիտի հայեր» ընկերակցութեան կողմէ` Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան հովանիի ներքոյ:
«Առաջին անգամ է նմանօրինակ ձեռնարկ կը կազմակերպուի Սպանիոյ մէջ: Այն հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ լուսանկարներու միջոցով աւելի լաւ տեղեկացուած ըլլալու 1915-1918 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ցեղասպանութիւնը իրականացուած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ, որուն զոհ գացած է 1.5 մլն մարդ, մնացեալ ողջ ժողովուրդն ալ տեղահանուած է իր պատմական բնակավայրէն»,- կը գրէ աղբիւրը` աւելցնելով.
«Այս երկար ու դժուարին 99 տարուան ընթացքին Ցեղասպանութիւնը չէ ընդունուած` ինչպէս որ պէտք է եւ կը շարունակէ հնչել իբրեւ «ոչ պաշտօնական» իրողութիւն մարդկութեան համար: Ցուցադրութեան նպատակն է` փոխել այս մտածելակերպը, այցելուներուն հնարաւորութիւն տալ` ճանչնալու 20-րդ դարու ամենամեծ յանցագործութիւնը` Մեծ եղեռնը»:
Ցուցադրութիւնը տեղի կ’ունենայ Մատրիտի շրջանի Ալքարա տէ Էնարես քաղաքի «Քինտա տէ Սերուանտես» սրահին մէջ, բաց է երեքշաբթիէն կիրակի օրերը: