Քալիֆորնիոյ Համալսարանը Թուրքիոյ $72 Մլն-ի Ներդրումներէն Զրկելու Բանաձեւ Ընդունած Է` Ընդդէմ Ցեղասպանութեան Ժխտողականութեան

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի ուսանողական խորհուրդը Յունուար 20-ի երեկոյեան միաձայն վաւերացուցած է Թուրքիոյ Քալիֆորնիոյ համալսարանի բոլոր ներդրումներէն (72.6 մլն տոլար) զրկելու
մասին բանաձեւ: Այս մասին կը գրէ Tert.am-ը:

ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի խօսնակ Էլիզապէթ Չուլճեան Tert.am-ին տեղեկացուցած է, որ ընդունուած բանաձեւը Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ ՀԵԴ-ի (Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւն) նախաձեռնած «‪#‎DivestTurkey» արշաւի մասն է, որուն նպատակն է պատժել Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը:

Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հայ ուսանողական
միութիւնը Դեկտեմբերին հանդիպում  կազմակերպած էր` ուսանողներուն ներկայացնելու այդ բանաձեւի կարեւորութիւնն ու մշակման աշխատանքները:

Բանաձեւի նպատակն է ճնշել մինչ այժմ պատմական իրողութիւնը ուրացող Թուրքիոյ իշխանութիւնները` ներդրումները կապելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետ:

Նշենք, որ համալսարանի ուսանողական խորհուրդը 2012-ին վաւերացուցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ անոր ուրացումը դատապարտող բանաձեւ, իսկ հայ ուսանողական միութիւնը 2005-ին վաւերացուցած էր բանաձեւ մը` կոչ ընելով համալսարանին համալսարանական խանութներուն մէջ թրքական արտադրանք չվաճառելու:

Scroll Up