Ատրպէյճանը Փաստերու Աղաւաղման Նոր` Առաւել Բարձր Նշաձող Սահմանած Է. ՊՆ

Ատրպէյճանը փաստերու աղաւաղման նոր` առաւել բարձր նշաձող  սահմանած է: Այս մասին յայտարարութիւն  տարածած է Հայաստանի ՊՆ-ը:

Յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի.

«Ատրպէյճանի նախագահի` 2014թ. Սեպտեմբեր 24-ի «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զօրքերու շփման գիծին վրայ անվտանգութեան  շարք մը կանոններու վերաբերեալ» հրամանագիրէն ետք  Ատրպէյճանի ռազմական ղեկավարութիւնը իր տեղեկատուական քաղաքականութեան մէջ սահմանած է տեղեկութիւններու սահմանափակման եւ փաստերու աղաւաղման նոր` առաւել բարձր նշաձող:

Ի դէպ, Հայաստանին, Լեռնային Ղարաբաղին եւ շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող ինչպէս սեփական, այնպէս ալ միջազգային հանրութեան մատուցուող փաստերն ամբողջովին աղաւաղելու, ակնյայտ ապատեղեկատուութիւն տարածելու հետ մէկտեղ, այդ պետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը լիովին կասեցուցած է սեփական Զինուած ուժերուն վերաբերող որեւէ բացասական, առաւել եւս` շփման գիծին վրայ բազմաթիւ անիմաստ մարդկային կորուստներով ուղեկցուող ձախողումներուն վերաբերող տեղեկատուութեան հրապարակումը:

Այդ գործելաոճը լիովին կը տեղաւորուի համապետական մակարդակով վարուող տեղեկատուական քաղաքականութեան ծիրէն ներս, երբ «խօսքի ազատութիւն», «ազատ մամուլ», «մարդու իրաւունքներ», «բազմակարծութիւն» եւ տեղեկատուական ազատ հասարակութեան բնորոշող բոլոր միւս յատկանիշները արմատախիլ եղած են, երբ ազատ արտայայտութիւնը կը դիտուի իբրեւ պետական դաւաճանութիւն, երբ տասնամեակներ շարունակ սերունդները կը դաստիարակուին հայը իբրեւ թշնամիի կերպար, մտացածին սեփական պատմութեան եւ յանցագործութիւններու հիման վրայ ստեղծուած հերոսներու կերպարներով:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այսուհետ եւս պիտի շարունակէ բաց, թափանցիկ եւ առարկայական տեղեկատուական քաղաքականութիւնը` հասարակութեան հաշուետու ըլլալով մեր զինուած ուժերու բոլոր ձեռքբերումներու ու առաւել եւս` բացթողումներու համար, քանզի կը գիտակցի ատոնք յաղթահարելու, Հայաստանի հանրապետութեան եւ հայ հասարակութեան պաշտպանութիւնը ապահովելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը:

Տեղեկատուական դաշտին մէջ որդեգրած մօտեցումներու այս տարբերութիւնը լաւագոյնս ի ցոյց կը դնէ հակամարտ կողմի հետ գոյութիւն ունեցող եւ օրէ օր խորացող բարոյական ու արժէքային տարբերութիւնը»:

Scroll Up