Յունաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի ելոյթներու շարքի ներկայացում

Յունաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ելոյթները համակարգող միացեալ մարմնի  կազմակերպութեամբ Կիրակի 18

Յունուար 2015ի երեկոյեան, Աթէնքի «Քալութա» թատերասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցի ելոյթներու շարքի ներկայացումը:

Յունահայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Գագիկ Ղալաչեանի, հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու եւ կրօնական դասու, յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետի եւ անդամներու, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Ռ.Ա.Կ.ի Շրջանային Վարչութեան ու գաղութային ազգային եւ կուսակցական  կառոյցներու եւ հոծ բազմութեան ներկայութեան կայացած ձեռնարկը՝ մեկնարկը նշանաւորեց 100-ամեակի անկիւնադարձային թուականին: Կազմակերպիչ մարմնոյ կողմէ բացումը կատարեց ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան, որ յայտնեց թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով այս մարմինին համահայկականութիւնը եւ համագաղութային բնոյթը կարեւորութեամբ կը շեշտուի, յստակօրէն արտացոլելով հայութեան արդար պահանջատիրութեան յանձնառու ու վճռակամ կեցուածքը:

Յաջորդական ելոյթներով իրենց ողջոյնի խօսքերը ուղղեցին՝ Յունաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեան,  Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուից Քերոբ Էքիզեան, Ռ.Ա.Կ.ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Գալուստ Ռուստէմեան:

 Ելոյթներու ներկայացում

100ամեակի ձեռնարկներու շարքը ներկայացուեցաւ power point-ով պատրաստուած ծրագիրով, յստակ եւ հասկնալի: Աթէնք, Թեսաղոնիկէ եւ Թրակիա ընդգրկող ընդհանուր ծրագրին մէջ ներառնուած են նկարներու ցուցադրութիւններ, թատերական ներկայացումներ, քայլարշաւ-հեծելարշաւ, ճատրակի մրցումներ, արիւնատւութեան արշաւ, համերգներ եւայլն:
Քաղաքական կեդրոնական ելոյթները տեղի պիտի ունենան Յունաստանի երեք քաղաքներու մէջ՝ Աթէնք – 19 Ապրիլ 2015ին, Թեսաղոնիկէ եւ Գավալա – 26 Ապրիլ 2015ին:
Ձեռնարկներու լրիւ ցանկը պիտի հրատարակուի յառաջիկային:

Գեղարուեստական բաժին

Երեք վար պետ արուեստագէտներու եզակի կատարումներով իրագործուեցաւ ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրը: Ելոյթ ունեցաւ կիթառահար Յակոբ Գոլանեանը, կատարելով «Ձայները» (յօրինում Յակոբ Գոլանեանի),  «Մտքեր» (յօրինում Նուպար Ասլանեանի, գրուած Յակոբ Գոլանեանի համար), եւ Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»ը: Յաջորդաբար, ելոյթ ունեցաւ դաշնակահարուհի Քրիստին Թոքաթլեանը, կատարելով «Երեք պատկերներ» (յօրինում Ալեքսանտր Յարութիւնեանի), «Հովը փչեց լեռներում», «Երեկոն Արարատեան հովտում» եւ «Սասունցիների պարը» կտորները: Ուտի վրայ մենանուագով հանդէս եկաւ Լեֆթերիս Խավուծաս, կատարելով Կոմիտասի «Այ Այլուխս» եւ Աշուղ Շերամի «Պարտէզում»ը:

Ժողովրդային երկու պարերով հանդէս եկան Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի տղաքն ու աղջիկները, որ իրենց երիտասարդ խանդով, խանդավառեցին հանդիսատեսները:

Օրուայ նախագահ ընկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեանի խօսքը

Թուականը հասաւ ու մենք ազգովին կը պատրաստուինք, տարուայ ամբողջ ընդացքին, յիշելո՛ւ ու ոգեկոչելո՛ւ, Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած, ամենածանր յանցագործութեան՝ ցեղասպանութեան զոհ դարձած  մեր 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակը. ու միաժամանակ յիշեցնելո՛ւ համայն աշխարհին, թէ մինչեւ օրս, առկախ ու անպատիժ կը մնայ, 100 տարի առաջ գործուած ահաւոր այս ոճիրը: Յիշեցնել ու շեշտել, թէ մենք պահանջատէր կը մնանք մեր պատմական հողերու ու մեր մշակութային ու կրօնական դարաւոր արժէքներու վերադարձին:

Կը յիշենք ու կը պահանջենք
Հայրենի հողերէն արմատախիլ եղած եւ վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակները,  տեղ գտան զանազան երկիրներու մէջ՝  հոն ուր ճակատագիրը իրենց բերաւ:  Երբեք չմոռնալով իրենց նահատակները եւ իրենց դէմ կատարուած ոճիրը, անոնք վերակազմակերպեցին իրենց անհատական ու հաւաքական կեանքը, եկեղեցի, ակումբ ու դպրոց կառուցեցին, կազմակերպութիւններ ու կառոյցներ հաստատեցին, հայ գաղթօճախներ կերտեցին սփիւռքի տարածքին:
Ոճրագործ Թուրքը հայը բնաջնջելու նպատակին չի հասաւ:
Մենք կանք, ո՛չ  որպէս  հայրենազուրկ, թափառաշրջիկ զանգուած, այլ, մարդկութեան մեծ ընտանիքին մէջ իր արժանի դիրքը գրաւած,  վեհանձն ժողովուրդ:  Ժողովուրդ, որ իր վէրքերը դէռ չբուժած, պահանջատիրութեան ձայն բարձրացուց:
Ցեղասպանութեան 50րդ տարելիցը, 1965ին, անկիւնադարձային կէտ հանդիսացաւ ոչ միայն սփիւռքահայութեան  համար՝ Հայ Դատի ձեւակերպման ու քաղաքական արտայայտութեան իմաստով, այլ նաեւ, դէռ Խորհրդային կարգերու տակ գտնուող, հայրենիքի ժողովուրդի համար, որ առաջին անգամ ըլլալով բարձրաձայն  գոչեց «մեր հողերը. մեր հողերը»:
Քաղաքական պայքարը հետզհետէ հասունցաւ  ու, անբարենպաստ միջազգային պայմաններուն հանդերձ, կարեւոր յաջողութիւններ  արձանագրուեցան Հայ Դատի միջազգային ճանաչման ճանապարհին:

Կը յիշենք ու կը պահանջենք
100ամեակը մեզ կը գտնէ նոր իրականութիւններու եւ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ:
Մտահոգիչ է Ատրպեյճանի օրըստօրէն սաստկացող յարձակողականութիւնը ու Հայաստանի դէմ արձակած սպառնալիքները:
Իսկ ցեղասպանութիւնը գործած Օսմանեան Կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիան, ոչ միայն յամառօրէն կը մերժէ ընդունիլ իր նախնիներու գործած ոճիրը, այլ կատարելագործելով կեղծիկի իր քարոզչամեքենան, հետզհետէ պատմութեան աւելի խեղաթիւրուած տարբերակ մը կը ներկայացնէ աշխարհին:
Վերջին օրինակը՝ յառաջիկայ Ապրիլ 24ի օրը  Էրտողանի պատրաստած  …ֆիէսթան է, իբրեւ  թէ ոգեկոչելու համար Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի, Գալիփոլիի ճակատամարտի 100-ամեակը, որպէս պատերազմէն ծնունդ առած բարեկամութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ, միմիայն համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն շեղելու ու շփոթ ստեղծելու նպատակով: Ան չվարանեցաւ նոյնիսկ, երեք օր առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեանին հրաւէր ուղարկելու…
Թուրք նախագահի նենգամիտ ժեշտին, յաջորդ օրն իսկ  պատասխանելով նախագահ Սարգսեանը, մերժեց հրաւէրը, նշելով, ի միջի այլոց, թէ «խաղաղութիւնը եւ բարեկամութիւնը առաջին հերթին պէտք է հիմնուած ըլլան սեփական անցեալի հետ առերեսման խիզախութեան, պատմական արդարութեան, ինչպէս նաեւ համամարդկային յիշողութեան՝  ոչ թէ ընտրովի, այլ ամբողջական ճանաչման վրայ», խորհուրդ տալով  Էրտողանին համաշխարհային խաղաղութեան  ուղղուած իր կոչերուն մէջ չմոռնալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղերձ յղել աշխարհին…:

Սիրելի հայրենակիցներ,
Անցնող տարիներուն, Հայ դատի մարմինները, քաղաքական կազմակերպութիւնները, եկեղեցին, եւ վերջին երկու տասնամեակներուն վերանկախացած մեր հայրենի պետութիւնը, քարոզչական, քաղաքական եւ այլ միջոցներով, կը հետապնդեն քսաներորդ դարու անպատիժ մնացած առաջին ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ հատուցումը: Պետութիւններ, խորհրդարաններ, միջազգային կազմակերպութիւններ, եկեղեցիներ պաշտօնապէս ճանչցած են հայոց ցեղասպանութիւնը։
Հայ ժողովուրդը այսօր, աշխարհին կը ներկայանայ՝ անկախ Հայաստան – ազատագրուած Արցախ –  կազմակերպուած Սփիւռք՝ աննախադէպ եռամիասնութեամբ:  Հետզհետէ աւելի՛ յստակ կը զգանք սեփակա՛ն պետութիւն ունենալու ուժը եւ ազգային շահերուն պետակա՛նօրէն տէր կանքնելու հզորութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ հատուցումը՝ ուղղակիօրէն կապուած է Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութեան ամրապնդման ու հզօրացման հետ, ու որպէս այդպիսին՝ մեր համազգային դատի առանձքը կը հանդիսանայ, որու  վերջնական լուծման պիտի հասնինք հայութեան բոլոր հատուածներու միասնական ջանքերով:
Ամէն հայ կոչուած է իր ներդրումը կատարելու մեր իրաւունքներու վերատիրացման համահայկական ճիգին։
Սիրելի հայրենակիցներ,
Ինչպէս վստահաբար տեղեակ էք, 2011ի Ապրիլին, ՀՀ նախագահի յատուկ հրամանագրով, Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, համակարգելու նպատակով, ստեղծուեցաւ պետական յանձնաժողով: Այդ  յանձնաժողովին կը նախագահէ ինքն ՀՀ նախագահը ու կը մասնակցին Արցախի հանրապետութեան նախագահը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու պետերը, կառավարութեան, կուսակցութիւններու, համահայկական կազմակերպութիւններու եւ այլ պետական  գործակալութիւններու ներկայացուցիչներ:
Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ, աւելի քան 40 յանձնախումբեր կը գործեն սփիւռքի տարածքին, ՀՀ դեսպանութիւններու եւ գաղութային կառոյցներու մասնակցութեամբ:
Յունաստանի մէջ եւս, կազմուած ու գործող կեդրոնական մարմինը, որուն կը մասնակցին ՀՀ դեսպանութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Ռամկավար Ազասական Կուսակցութիւնը, բոլոր ազգային ուժերու համագործակցութեամբ, այսօր ձեզ կը ներկայացնէ  ծրագրուած ելոյթներու շարքը, կոչ ուղղելով բոլոր մեր ազգայիններուն անխտիր,  ներկայ ըլլալ 100ամեակի ձեռնարկներուն, որպէսզի հաւաքական ճիգով, միասնական ոգիով եւ զանգուածային մասնակցութեամբ լաւագոյնս արժեւորենք  այս կարեւոր թուականը:

Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերոբ Էքիզեանի խօսքը

Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման 100ամեայ պայքարի պատմութեան մէջ, մինչեւ ա յսօր գերազանցօրէն ամենէն նշանակալից  հանգրուանը եղաւ անոր 50ամեայ տարելիցին օրերուն 1.000.000 հայերու կողմէ Երեւանի ճամբաներուն մէջ ցոյցերու զօրաւոր ցնցումը՝ «մեր հողերը, մեր հողերը» բացագանչումներով։ Այդ պոռկթումն էր որ բարոյական եւ իրաւական արդար շարժառիթը հանդիսացաւ, որպէսզի հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարը ստանայ նոր թափ եւ ուժականանութիւն վերջին 50 տարիներու ընթացքին։
Այսօր կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի սեմին։ Ամբողջ հայ ժողովուրդի ահաւոր մարդասպանութիւնը եւ մինջեւ մեր օրերը հասնող հետեւանքներուն ճակատագրական հանգրուանն է որ կոչուած ենք նշելու՝ մայր հայրենիքէն մինչեւ սփիռքի ամենավերջին անկիւնը, որուն քարին տակ հայ մը կ’ապրի։ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» միասնական կարգախօսը պէտք է իւրաքանչիւր հայորդիի համոզումը դառնայ՝ իր մէջ մարմնաւորելով անվիճելի եւ համազգային նշանակութիւն ունեցող «մեր հողերը» պահանջատիրական արտայայտութեան ու կեցուածքին ողջ էութիւնը։ 100րդ տարելիցը, ինչպէս տեւաբար ըսուած ու գրուած է, պէտք չէ սոսկ ոգեկոչման մը առիթը ըլլայ, այլ մեկնակէտը հայու պահանջատիրութեան, մեր ազգի այն հողերու, եկեղեցիներու, կոթողներու, մշակութային ժառանգութեանց բռնագրաւման դէմ անթուլ պայքարի մը ազդանշանը, որուն ընթացքին թէ՛ ճամբաները ողողելով, մանաւանդ իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական գետնի վրայ, ցուցաբերելով միասնական պայքարունակ յանդգնութիւն եւ կեցուածք։
Այսօր, երբ  ցեղասպան Թուրքիան կու գայ ամէն կերպով ջլատելու հայ ժողովուրդի պայքարը, նոյնիսկ Ապրիլ 24ի օրը Տարտանելի պատերազմի 100ամեակը տօնելու համար միջազգային հանրային կարծիքը իր վրայ կը փորձէ ներգրաւել, նոյն օրուայ մեր քայլարշաւը եւ ցոյցը թրքական դեսպանատան առջեւ պէ՛տք է համախմբէ յունահայ գաղութի բազմահազար հայութիւնը, որպէսզի բողոքի մեր ձայնը աւելի զօրաւոր, աւելի կենսունակ, աւելի շեշտակի կերպով հասնի մինջեւ թուրք իշխանաւորներու ականջները՝ իրենց եւ հանրային կարծիքին յիշենելու համար թրքական պետութեան շարունակական մեղսակցութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը։ Այսօր, երբ Հայաստանի շրջափակումը տակաւին կը շարունակուի Թուրքիոյ կողմէ, Արցախի հիմնահարցին մէջ Ատրպէյճանը կը շարունակէ տմարդի յարձակումներ կատարել մեր վրայ, երբ դիւանագիտական ոլորտին եւ միջազգային ատեաններուն մէջ կը փորձէ Արցախի գոյութիւնը ոչնջացնել, մեր ցցուն ուժական արտայատութիւններէն անդին, ամէն մէկ հայ պարտի իր խօսքով եւ կեցուածքով զօրավիք հանդիսանալ մեր հաստատութիւններու կողմէ քաղաքական եւ իրաւական դաշտին մէջ տարած աշխատանքներուն, որպէսզի ցեղասպանութեան պատճառով ջարդուած կամ չծնած հայորդիներու, անոնց թողած հարստութեան ու մեր պատմական կոթողներու արդար հատուցման պահանջը իր արձագանգը ունենայ մարդկութեան առջեւ։

Սիրելի հայրենակիցներ,
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով, կոչ կ’ուղղենք յունահայ մեր բոլոր արիւնակիցներուն, որ միասնաբար եւ զանգուածային կերպով համախմբուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի ոգեկոչման համար կազմուած Յունաստանի Միացեալ Մարմնին շուրջ, որպէսզի ծրագրուած միջոցառումները ունենան ժողովրդային ամենալայն մասնակցութիւնը եւ յաջողութիւնը, յատկապէս 100ամեայ ճակատագրական այս հանգրուանին։ Իւրաքանչիւր յունահայու բարոյական ներկայութիւնը ե՛ւ նիւթական ներդրումը պէտք է յատուկ առաջնահերդութեամբ եւ ուժեղ ապրումով, մարմնաւորեն ոգեկոչական նախաձեռնութիւններու երկար շարքը մեր գաղութէն ներս։
Առաւել, «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսը ամենօրեայ ապրում պէտք է դառնայ իւրաքանչիւր հայու համար, որպէսզի 100ամեայ պահանջատիրական մեր կենսափորձը նոր աւիշ ստանայ, ու այդպիսով հայութեան արդար դատի սեւերակէտը ու վախճանական հանգրուանը մարմնաւորուի «Ամբողջական Հայաստանի՝ ամբողջական Հայութեամբ» նուաճումով։

«Ազատ օր»

Յունաստան

Scroll Up