«Վերապրումի Տօնակատարութիւն»
ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Յունուար 23ին, երեկոյեան ժամը 8ին տեղի պիտի ունենայ «Վերապրումի Տօնակատարութիւն» խորագրուած դասական երաժշտութեան նուիրուած համերգ մը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզը»:
Սենեկային երաժշտութեան այս երեկոյին ելոյթներ պիտի ունենան ջութակահարներ Արմէն Տէր Գէորգեան, Սրբուհի Փանթիկեան եւ Պեն Պարթլեթ, ինչպէս նաեւ թաւջութակահար Կարիք Թէրզեան։
Յայտագիրին վրայ կան Տվորժաքէն, Միրզոյեանէն եւ Կոմիտասէն ստեղծագործութիւններ։
Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուրիուած ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղի ձեռնարկներուն առաջինը հանդիսացող այս համերգը պիտի կայանայ ՀԲԸՄի Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնին մէջ (2495 E Mountain St, Pasadena, CA, 91104)։ Մուտքը ազատ է։ Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/events/181971.html կայքէջը։