Աւստրալիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ձեռնարկներուն Մասին Պատմող Կայք Ստեղծուած Է

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող` Աւստրալիոյ յանձնաժողովը ստեղծած է կայքէջ մը, ուր ներկայացուած են Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու օրացոյցը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես-ը, www.armenia.com.au/100 կայքին մէջ ձեռնարկներու մասին տեղեկատուութիւնը պարբերաբար պիտի թարմացուի եւ պիտի ներկայացնէ համապարփակ տեղեկատուութիւն երկրի բոլոր շրջաններուն մէջ կատարուելիք ձեռնարկներուն մասին: