Հրանդ Տինքի Յիշատակին Նուիրուած Ցոյցեր Գերմանիոյ 7 Քաղաքներու Մէջ (լուսանկարներ)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/01/dink-germany6.jpg)
Գերմանիոյ 7 քաղաքներու մէջ` Պերլին, Հաննովէր, Տորթմունտ, Քեօլն, Նիւրնպերկ, Ֆրանքֆուրտ եւ Միւնխէն, հայ համայնքի երիտասարդները Յունուար 17-ին միաժամանակ ցոյց կազմակերպած են` ի յիշատակ Հրանդ Տինքի`
բեմադրելով թուրք ազգայնականներու կողմէ հայ մտաւորականի սպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Tert.am-ը:
Երիտասարդներէն մէկը քանի մը ժամ շարունակ պառկած մնացած է գետինը` ծածկուած սպիտակ սաւանով, անոր չորս կողմը կարմիր ժապաւէններով առանձնացուած է, իսկ մէկ այլ հայ երիտասարդ բարձրախօսով ներկայացուցած է ոչ միայն Տինքի սպանութենէն մանրամասներ, այլ նաեւ պահանջած Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի
ուշադրութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման համար: Նաեւ պարզուած եղած է ցուցապաստառ. «Ես սպաննած եմ անհաւատները» գրութեամբ:
«Մենք խումբ մը երիտասարդներ ենք ու այս ցոյցով կը ցանկանք ամբողջ Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի ուշադրութիւնը հրաւիրել 1915 թուականին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան վրայ: Մենք քրիստոնեայ ենք եւ կը ցանկանք,
որպէսզի Գերմանիան պաշտօնապէս ճանչնայ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած մեր նախնիներու` հայերու, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները»,- բարձրախօսով յայտարարած են ցոյցի մասնակիցները:
Ցոյցի մասնակիցները նշած են, որ կը յիշեն նաեւ Հրանդ Տինքը, որ սպաննուած է թուրք ազգայնամոլներու ձեռքով միայն անոր համար, որ անկաշկանդ կը խօսէր 20-րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցած ցեղասպանութեան մասին:
Տեղեկացուցած են, որ մինչ օրս Թուրքիան չէ յաջողած պարզել 2007թ-ին տեղի ունեցած սպանութիւնը` փոխարէնը արդարացնելով 18 ամբաստանեալներու:
«Պատահականութիւ՞ն էր սպանութիւնը, թէ արդէն բոլորին ծանօթ թրքական ձեռագիր»,-հարցուցած են անոնք:
Հայ երիտասարդները նաեւ բարձրաձայնած են Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին մասին, թէ այդ երկրին մէջ ինչպէս վտանգուած են մարդու իրաւունքները, քանի թուրք լրագրողներ այսօր բանտերու մէջ են եւ աւելցուցած, թէ ատիկա կը խօսի այն մասին, որ Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութիւնը վտանգուած է:
«Մենք կը պահանջենք, որպէսզի պաշտօնապէս ճանչցուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, դպրոցներու մէջ ուսուցանուի ատոր մասին, եւ որ Թուրքիան փոխհատուցէ, ինչպէս Հոլոքոստի պարագային էր»,-նշած են անոնք: