Հալէպի «Սարեան» Ակադեմիոյ Ղեկավարը Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յունուար 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հալէպի «Սարեան» ակադեմիոյ ղեկավար, նկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանը:

Հրազդան Թոքմաճեան 1993 թուականէն ՀԲԸՄ հրաւէրով կը դասաւանդէ Հալէպի «Սարեան» ակադեմիոյ մէջ` միեւնոյն ժամանակ կազմակերպելով ակադեմիոյ ուսումնական գործընթացները: Այսօր «Սարեան» ակադեմիան կը յաճախեն մինչեւ  տարեկան 30, 12-էն բարձր` 20 աշակերտ:

Պարոն Թոքմաճեան իր հետ Հայաստան բերած է «Սարեան» ակադեմիոյ աշակերտներու 30-է աւելի նկարչական աշխատանքները, որոնք Հալէպի մէջ ցուցադրուած են «Տագնապալի օրեր Հալէպ» խորագիրով:

Ողջունելով հիւրը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Սուրիոյ հայ համայնքի կեանքին եւ հայապահպանութեան գործին մէջ Հրազդան Թոքմաճեանի ներդրած ջանքերը: Նախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ անոր առաքելութիւնը համայնքին մէջ հոգեւոր արժէքներու պահպանման եւ հայրենիքի հետ
կապերու ամրապնդման գործին մէջ: Որոշուեցաւ Հալէպի «Սարեան» ակադեմիոյ աշակերտներու աշխատանքներու ցուցահանդէս կազմակերպել նաեւ Երեւանի մէջ:

Թոքմաճեան անհատական եւ խմբային բազմաթիւ ցուցահանդէսներ  ունեցած է Հայաստանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ:

Հրազդան Թոքմաճեան 2007թ.-էն կը զբաղի նաեւ ազգագրական ուսումնասիրութիւններով, 2011թ Հալէպի մէջ հրատարակած է «Մարաշի ասեղնագործութիւն» գիրքը (հրատարակիչ` Հալէպի Մարաշի հայրենակցական
միութիւն): 2014թ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի աջակցութեամբ հրատարակած է  «Ուրֆայի ասեղնագործութիւն» գիրքը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Հալէպի Կրթասիրաց մշակութային միութեան աջակցութեամբ 2015թ.-ի առաջին եռամսեակին Հայաստանի «Տիգրան Մեծ» տպարանին մէջ, տպագրութեան կը պատրաստուի Հրազդան Թոքմաճեանի երրորդ ուսումնասիրութիւնը` «Այնթապի ասեղնագործութիւն» խորագիրով:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի
հետեւանքով հայերու համար ստեղծուած ծանր վիճակին առնչուող հարցեր:

 

Scroll Up