Հայաստանցի 40 Մանուկներ Իրենց Ձմեռնային Արձակուրդը Անցուցած Են Հոլանտայի Մէջ

Հոլանտական  Pax kinderhulp  կազմակերպութեան հրաւէրով Յունուար 6-էն մինչեւ 31 Հոլանտայի մէջ իրենց ձմեռնային արձակուրդները կ’անցնեն Վարդենիսի եւ Սպիտակի շրջաններու անապահով ընտանիքներու երեխաներ թիւով 40 հոգի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Մանուկ Մկրտչեան Ալմելոյէն:

Յունուար 11-ին Ալմելոյի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սրահին մէջ  հիւրընկալուած էին Վարդենիսի կեդրոնի Տորփաւան, Տրետակ, Արփունք, Շատուան, Փամբակ, Սոթք, փոքր Մասրիկ գիւղերու անապահով ընտանիքներու 8-14 տարեկան, թիւով 20 երեխայ:

Հանդիպումը կազմակերպած էին Եկեղեցւոյ վարչութիւնը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀՄԸՄ) եւ Հայ  Բարեգործական  Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ):

Սկիզբը  երեխաները մասնակցեցան Ս.պատարագին, որմէ ետք Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ  կազմակերպուած էին բազմաթիւ խաղեր եւ ժամանցային ձեռնարկներ,  երեխաներուն օրը հետաքրքիր դարձնելու համար: Ելոյթին մէջ հանդէս եկան նաեւ հոլանտահայ երգիչ-երաժիշտներ:

Հանդիպումը աւարտեց ճաշկերոյթով, որմէ ետք երեխաները ստացան բազմաթիւ նուէրներ:

02 03 04 05

Scroll Up