Անկարելի է խօսիլ հայ ժողովուրդին մասին, առանց անդրադառնալու ցեղասպանութեան ոճրային արարքին. Վասոս Լիսարիտիս

Կիպրոսի Ներկայացուցչական Տան նախագահի գրասենեակէն ներս 22.12.2014-ին, տեղի ունեցած պաշտօնական արարողութեան ընթացքին, Կիպրոսի Ներայացուցչական Տան նախկին նախագահ, ԷՏԷՔ ընկերվարական կուսակցութեան հիմնադիր եւ պատուոյ նախագահ Sոքթ. Վասոս Լիսարիտիս, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցաւ «Մխիթար Գոշ» մետալով:
Վասոս Լիսարիտիս այդ առիթով իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Խորապէս զգացուած եմ մեծարանքի այս արարողութենէն, հերոսական, ինչպէս նաեւ’ ողբերգական պատմութիւն ունեցող բարեկամ հայ ժողովուրդին կողմէն, որուն հետ կը կիսենք եղբայրական եւ բարեկամական սերտ կապեր: Հայ ազգի ներդրումը աշխարհի քաղաքակրթութեան մէջ բազմադարեան պատմութիւն ունի:
«Անկարելի է խօսիլ հայ ժողովուրդին մասին, առանց անդրադառնալու ցեղասպանութեան ոճրային արարքին, որ ցարդ կը մնայ անպատիժ ու անձկութեամբ կը սպասէ արդարադատութեան:
Կը մէջբերեմ. «Մայր Հայաստան, կմախքի վերածուած, կաթ կուտայիր կմախք դարձած մանուկին, որուն արիւնը չորցած էր: Եթէ ղադրիս զիս տանչելէ քու «ինչո՞ւ-ովդ, պիտի կորսնցնեմ իմ մարդկայնութիւնս»…:
“Կը հետապնդենք խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն բոլոր ժողովուրդներու հետ, հիմնուած պատմական ճշմարտութեան վրայ:
Անպատիժ մնացած ոճիրներ, տուն կուտան նորանոր կեղեքումներու, ինչպէս որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը առաջնորդեց «Աուշվիցի»ն:
Թումանեանը մեր խղճի խլրտումն է:
Երիտթուրքերու պետութիւնը որդեգրեց ա՛յնպիսի դեւային քաղաքականութիւն մը, որուն նպատակն էր բնաջնջել այն ինչ որ կարելի չէր ձուլել:
Այս ընթացքով ունեցանք Հայերու, Պոնտիացիներու, Ասորիներու եւ Փոքր Ասիոյ Յոյներու Ցեղասպանութիւնը:
Յատկանշական է Թալւսթի պատասխանը, ջարդերու վերջ մը դնելու դիմումներուն. «Ներում պիտի շնորհենք ջարդերէն ետք»:
«Ապտուլ Համիտ կը յայտարարէր, թէ ձերբազատուելու համար Հայկական Հարցէն, պէտք է ձերբազատուինք հայերէն, իսկ այդ քաղաքականութիւնը առաջնորդեց այսօրուայ արդի- կայսերապաշտ Օսմանեան քաղաքականութեան:
Համաշխարհային էր բարձրացած աղաղակը (Մօրկէնթաու, Պրայս, Քլեմանսո, Չրչիլ, Անաթոլ Ֆրանս): Սակայն, առանց գործնական միջոցառումներու:
Առաջին նահատակներ ունենալով մտաւորականները, փորուած աչքերով Սարգիսը խաչուած»: