Սմբատ Մարտիրոսեան Աւետիսեաններու Ընտանիքի Փոքրիկը Հոլանտայի Մէջ Բուժելու Պատրաստակամութիւն Յայտնած Է

Հոլանտայի մէջ հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող միութեան նախագահ Սմբատ Մարտիրոսեան պատրաստ է աջակցելու Սերիոժա Աւետիսեանին, տեղափոխելու Հոլանտա` բժշկական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Սմբատ Մարտիրոսեան իր նամակին մէջ մասնաւորապէս կը նշէ.

«Խոր կսկիծով եւ ցաւով ականջալուր եղանք Գիւմրի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահասարսուռ վայրագութեան մասին: Խստիւ դատապարտելով յանցագործի անմարդկային ոճրագործութիւնը, որ դուրս է տրամաբանութեան բոլոր սահմաններէն, խորապէս կը վշտակցինք եւ կը ցաւակցինք Աւետիսեաններու մերձաւորներուն եւ պատրաստականութիւն կը յայտնեմ Հոլանտայի մէջ Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող միութեան եւ անձամբ իմ` Սմբատ Մարտիրոսեանիս կողմէ աջակցելու Սերիոժա Աւետիսեանին, տեղափոխելու Հոլանտա’ բժշկական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար»:

Scroll Up