Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Տիգրանակերտի Մէջ

«Կոմիտաս» հիմնարկը կը հաղորդէ, որ Թրքական մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան աջակցութեամբ, 22-24 Ապրիլ 2015-ին Տիգրանակերտի մէջ պիտի կազմակերպէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներ:

Տիգրանակերտը նկատի առնուած է, որովհետեւ Տիարպեքիր նահանգը Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութեան գլխաւոր թատերաբեմերէն մէկն էր: Անոր կառավարիչ Ռաշիտ պէյը 1915-ին մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Ցեղասպանութեան գործադրութեան մէջ:

«Կոմիտաս» հիմնարկը կը գրէ, որ այսօր Տիգրանակերտ բնակող մարդիկ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ կ՛ուզեն կացութիւնը շտկել: Քաղաքի համաքաղաքապետները եւ թրքական խորհրդարանին մէջ շրջանի ներկայացուցիչները յստակ կերպով կը խօսին Հայկական Հարցին մասին: Տիգրանակերտ քաղաքը արդէն իսկ աջակցած է Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերակառուցման, որ աշխարհի մեծագոյն հայկական եկեղեցիներէն մէկն է, իսկ անցեալ տարի, Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ընթացքին հայերուն զօրակցած են տեղացիներ: Անոնց շարքին էին ականաւոր քաղաքագէտներ, փաստաբաններ, մարդկային իրաւանց գործիչներ եւ ուրիշներ:

«Կոմիտաս» հիմնարկը կը նշէ, որ յառաջիկայ Ապրիլին Տիգրանակերտի մէջ հայկական մեծաթիւ ներկայութիւն մը բարոյական ու քաղաքական մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ եւ պիտի ամրապնդէ հայ-քրտական համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէր ուղղէ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումին:

«Կոմիտաս» հիմնարկը կը նշէ, որ 1990-ականներէն ի վեր կը գործէ Թուրքիոյ մէջ: Թուրքիոյ պետական շրջանակի մտաւորականներու ուրացման դէմ դնելու կողքին՝ հիմնարկը նաեւ կամուրջներ հաստատած է թրքական քաղաքացիական հասարակութեան հետ եւ ձգտած է առկախ հարցերու արդար լուծման: Հիմնարկը նախապէս եւս յաջող կերպով կազմակերպած է ձեռնարկներ Տիգրանակերտի մէջ, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչում:

Scroll Up