Դամասկոսի Շտապ Օգնութեան Մարմինը Ամանորեայ նուէրներ կը բաժնէ Հայ Աշակերտներուն
Դամասկոսի Շտապ Օգնութեան Մարմինը օժանդակութեանց իր ծրագրիրներուն ծիրին մէջ նախաձեռնած էր ամանորեայ նուէրներ բաժնել Դամակոսի Հայ աշակերտներուն: Շաբաթ 27 Դեկտեմբեր 2014-ին, Դամասկոսի Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ ամանորեայ նուէրներուն բաշխումը: Դամասկոսի Շտապ Օգնութեան Մարմինի անդամները, Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ դպրոցականներուն բաժնեցին գեղեցիկ նուէրները:
Դամասկոսի մէջ կը գործեն հայկական հինգ վարժարաններ: Հաշուի առնելով որ նուէրները պատրաստուած էին Դամասկոսի բոլոր հայկական վարժարաններու աշակերտներուն, անխտիր, սակայն ամանորեայ հանդէսին ներկայ եղան եւ նուէրներ ստացան միայն Ազգ. Սրբոց Թարգմանչաց Ճեմարանի եւ Կ.Կիւլպէնկեան «Յառաջապահ» վարաժարանի աշակերտները:
Նշենք, որ Հայ Կաթողիկէ Վարժարանին յատկացուած նուէրները պիտի բաժնուին Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ: