Հ.Մ.Ը.Մ.- Հալէպի 11 Քոյր – Եղբայրներ Ստացան Սկաուտական Փոխ Խմբապետի Աստիճան (լուսանկարներ)

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի Մասնաճիւղէն 11 Քոյր – Եղբայրներ Մարտ1-ին մասնաճիւղի խմբապետի ձեռամբ ստացան սկաուտական փոխ խմբապետի աստիճան: Այս մասին կը յայտնէ ՀՄԸՄ-ի էջը։

Տեղին է յիշել թէ՝ վերոյիշեալ քոյրերն ու եղբայրները երեք շաբթուան տեւողութեամբ կատարեցին փոխ խմբապետի յատուկ դասընթացք, որուն ընթացքին անոնք ներկայացուցին զանազան թեմաներով դասախօսութիւններ՝ (ղեկավարի յատկութիւներ,դաստիարակութեան արդի միջոցներ,պատիժը եւ անոր իրագործման ազդակները,Մ.Ա.Կ. ,Հայ Դատի գրասենեակներն ու անոնց գործունէութիւնը, Հայկական կուսակցութիւններու ծնունդը, մանկավարժական եւ հոգեբանական զանազան նիւթեր)ինչպէս նաեւ իրագործեցին գործնական բաժին:

Scroll Up