Հայաստանի Գրաւչութիւնը Ներկայացնող CNN-ի Ֆիլմը Արդէն Համացանցի Վրայ Է

Ամերիկեան յայտնի CNN հեռուստաընկերութիւնը On The Road ծրագիրի ծիրէն ներս յատուկ թողարկում  մը նուիրած է Հայաստանին. 22 վայրկեաննոց ֆիլմը արդէն համացանցի վրայ է` հասանելի աւելի լայն զանգուածներու: Այս մասին  կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, հեղինակները ներկայացուցած են հայաստանեան երիտասարդ սերունդը` անոնց հետաքրքրութիւններն ու գործունէութիւնը, Հայաստանի շատ տեսարժան վայրեր ու ատոնց առանձնայատկութիւնները:

Հաղորդման ծիրէն ներս յատուկ անդրադարձ կը կատարուի Թումօ ստեղծարար արուեստագիտութեան  կեդրոնին: Կ’ընդգծուի, որ այսօր հէնց այստեղ կարելի է հանդիպիլ հայ ստեղծարար երիտասարդներու նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնք «տաղանդաւոր եւ բարետենչ են»:

Տեսաֆիլմին մէջ կը խօսուի ճատրակի նկատմամբ հայերու ունեցած սիրոյ մասին` չմոռնալով ընդգծել այն հանգամանքը, որ այսօր ճատրակը դարձած է պարտադիր առարկայ հայաստանեան դպրոցներուն մէջ:

Տեսանիւթի հեղինակները կը պատմեն, որ Հայաստանի ոգին հասկնալու համար պէտք է նախ եւ առաջ այցելել Երեւանի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրը: «Հազարաւոր մարդոց հաւաքական յիշողութիւնը կեդրոնացած է հէնց այստեղ` այս սարսափելի իրադարձութեան շուրջ, որ կը յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այն կանգուն յիշեցնումն է հայկական երկարատեւ պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած սէյսմիկ խզման, երբ մէկ ու կէս միլիոն հայ քրիստոնեաներ, որոնք կը բնակէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, կոտորուեցան»,- կը պատմէ տեսանիւթը:

Իբրեւ դարեր շարունակ հայերուն համախմբող կարեւոր ուժ կը ներկայացուի հայկական եկեղեցին: «Հայաստանը առաջին ազգն էր, որ քրիստոնէութիւնը ճանչցաւ իբրեւ պետական կրօն 301 թուականին»,- կը նշեն հեղինակները` պատմելով Հայաստանի տարածքին մէջ այսօր գործող անհաւանական վանքերու ու եկեղեցիներու մասին, որոնք հզօր կապ կը ստեղծեն անցեալին հետ: Կը ներկայացուի Գեղարդի վանական համալիրը, Գառնիի հեթանոսական տաճարը:

Անդրադառնալով հայկական սփիւռքի գոյութեան` հեղինակները կը պատմեն, որ թէեւ աշխարհի մէջ բնակող 10 միլիոն հայերէն միայն 3 միլիոնն է , որ Հայաստանի մէջ կ’ապրի, այդուհանդերձ, վերջին տարիներուն ընթացքին սփիւռքահայ երիտասարդներէն շատերը սկսած են վերադառնալ եւ գործունէութիւն ծաւալել հայրենիքի մէջ:

Հաղորդման եզրափակիչ հատուածին մէջ հեղինակները կը նշեն, որ Հայաստանով ողջ ճանապարհորդութեան ընթացքին իրենք հանդիպեցան հայերու նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնք յայտնեցին, որ պատրաստ են շարժելու իրենց ծնողներու անցեալէն առաջ եւ ընդունելու ապագան առանց սահմաններու: «Ամենայիշարժան պահը այդ ընթաքին երբ մենք Հայաստանի մէջ էինք, այն էր, որ բոլոր մարդիկ` թէ’ երիտասարդ, թէ’ ծեր, պատրաստ էին բանալու իրենց սրտերը եւ մեզի հետ կիսելու իրենց հայրենիքը»,- եզրափակած են հաղորդման հեղինակները:

 

 

Scroll Up