Վանի Հայկական Տեղանունները Կը Վերականգնուին

Վանի քաղաքապետարանի խորհուրդը քննարկած է Վան նահանգի գիւղերու եւ թաղամասերու նախկին անուանումները վերականգնելու հարցը: Ըստ կայացուած որոշման, վերադարձուած են 704 գիւղերու եւ թաղամասերու հին անունները:

Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները: Այս տարուան Նոյեմբերին քաղաքապետարանի խորհուրդի համապատասխան յանձնաժողովին կողմէ կատարուած նախապատրաստութենէ ետք կայացուած որոշման համաձայն, վերականգնուած են Պաշքալէի 81, Չալտրանի 86, Չաթաքի 34, Էտրեմիթի 18, Էրճիշի 105, Գեւաշի 37, Իփեքէոլուի 50, Մուրատիյէի 41, Օզալփի 53 եւ Սարայ գաւառի 25 գիւղերու եւ քաղաքներու նախկին անուանումները:

Այս որոշումը, որ կը նախատեսուի ընդհանուր 704 քրտական ու հայկական տեղանուններու վերադարձը, միաձայն հաստատուած է քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն (BDP), ինչպէս նաեւ` իշխանութեան ղեկին գտնուող Արդարութիւն եւ զարգացում (AKP) կուսակցութիւններու անդամներէ բաղկացած խորհուրդին կողմէ: Այսուհետեւ ամբողջ ներքին եւ արտաքին պաշտօնական գրագրութեան մէջ պիտի կիրառուին այդ թաղամասերու եւ գիւղերու թրքերէն, քրտերէն ու հայերէն անուանումները:

Scroll Up