Ուխտագնացութիւն Դէպի Սասուն – Բ. Սասնոյ Փիրչենք Գիւղի Հայերը

Սասունի հեռաւոր գիւղերու երկարատեւ մեկուսացումը այս շրջանի ըմբոստ բնակչութիւնը «պատժելու» թրքական պետական դիտաւորեալ քաղաքականութի՞ւն մըն է, թէ՞ պարզապէս մինչեւ 90-ական թուականներու սկիզբը արեւելեան Անատոլուի մէջ քրտական նահանգներու զարգացման արգելակման երեւոյթներէն մէկը: Այդ շրջանները այսօր կը զարգանան, վկայ` Պաթմանի ունեցած կարեւորութիւնը. Պաթմանը 500 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաք մըն է այսօր, որ հիմնուած է 1946-ին, քարիւղի դաշտերու յայտնաբերումէն ետք:

Վերոնշեալ դիտաւորէալ մեկուսացումը կրնայ բացատրութիւն մը տալ, թէ ինչո՛ւ շրջանի կարգ մը բնակիչներ կրցած են մինչեւ արդի ժամանակներ պահել իրենց հին աւանդութիւնները: Այս լեռներուն վրայ գտնուող հայեր տակաւին կը պահպանեն իրենց քրիստոնէական հաւատքն ու իրենց «լեզուն»: Անատոլուի մէջ գտնուող հայերէն միայն Սասունի հայերն են, որոնք տակաւին կը խօսին հայերէն բարբառ մը:

Փիրչենքը Սասունի պաշտօնապէս հայերով բնակուած միւս գիւղին` Քոնեքի նման, ճամբուն վերջաւորութեան կը գտնուի: Անոնք կառուցուած են ձորին խորը` Մարութայ լերան ստորոտը: Մէկ երկու հայ քրիստոնեայ ընտանիքներ ձմեռը տակաւին այստեղ կ՛ապրին: Անոնց վրայ կ՛աւելնան «հաւատափոխներու» տուները: Երիտասարդները, որոնք աշխատանքի համար մեկնած են Պոլիս, իրենց արձակուրդներուն կը վերադառնան գիւղ:

Քսան կամ երեսուն տարի առաջ Փիրչենքի մէջ բոլոր գիւղացիները հայկական ծագում ունէին, եւ ըստ գրաւոր վկայութեանց, գիւղը 1915-ին բաղկացած էր 15 տուներէ` իւրաքանչիւր տան մէջ 8-10 բնակիչներով, սակայն 1915-էն մէկ տարի ետք գիւղին մէջ միայն շուրջ 15 վերապրողներ կը գտնուէին: Փիրչենքի մէջ գոյութիւն ունեցած է նոյնիսկ գերեզմանատուն մը եւ եկեղեցի մը, որուն հիմերը դժուար նշմարելի են: Անոնք, որոնք ներկայիս հոն կը բնակին, Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ ապրողներուն ժառանգորդնե՞րն են: Այդ մէկը քիչ հաւանական է: Իրողութեան մէջ Սասունը քեմալական ժամանակաշրջանին վերիվայրումներով լեցուն պատմութիւն մը ունեցած եւ ժողովուրդներու մեծ տեղափոխութիւններ տեղի ունեցած են: Ցեղասպանութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ` 1920-ական եւ 1930-ական թուականներուն,  քրտական շրջանները ցնցած շէյխ Սայիտի (1925) Արարատեան (1930) եւ Տէրսիմի (1936-38) ըմբոստութիւններէն ետք, եւ անոնց յաջորդած բռնաճնշումներու ընթացքին Իսմեթ Ինէօնիւի թրքական կառավարութիւնը 1934-էն ի վեր ոչ միայն Սասունի քիւրտերը, այլ նաեւ արաբները եւ Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերը տեղահանած է:

Ողբերգական ժամանակաշրջանը, որ լաւապէս չէ փաստագրուած, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի զոհերուն թիւին, տեղւոյն յիշողութեան վրայ հետք ձգած է:

Սակայն այժմ լալու պահ չէ: Զիրար կը շնորհաւորենք, կը մտերմանանք, ծերերուն ձեռքերը կը համբուրենք: Կարճ խօսքով, ուրախ ենք, թէեւ հաղորդակցութիւնը դժուար է, որովհետեւ կը բաւարարուինք ձեռքի շարժումներով եւ կարգ մը հայերէն բառերով: Միւս կողմէ, եթէ նոյնիսկ առանց թարգմանի կարենայինք զրուցել, ինչի՞ մասին կրնայինք խօսիլ, անցեալի՞ն: Դժուար թէ: Ոչ ոք լուրջ խօսակցութիւն ծաւալելու սիրտ ունի:

Սասունի մէջ ամառ է: Արեւը պայծառ է, երկիրը դալար: Ծառերը հասուն եւ մեծ պտուղներու ծանրութեան տակ կքած են: Սեւ ուլիկները եայլաներու մէջ կը պտտին եւ դաշտերուն մէջ բերքը հաւաքուած է: Վաղը Վարդավառ է:

ՎԱՀԷ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Ֆրանս Արմէնի»

aztagdaily.com

Scroll Up