Գերմանիան կ’արհամարհէ Թուրքիոյ` հայկական կոտորածները անուանելով «Ցեղասպանութիւն»

Երկուշաբթի Գերմանիան կտրուկ փոխած է 100 տարի առաջ Օսմանեան թուրքերու կողմէ 1.5 միլիոն հայերու սպանութիւնները «ցեղասպանութիւն» չանուանելու իր հետեւողական քաղաքականութիւնը: interpress.am-ի փոխանցմամբ` կը գրէ The Christian Science Monitor-ը:

Երկուշաբթի Գերմանիոյ կառավարութիւնը խորհրդարանի աշխոյժ անդամներու պնդումներու արդիւնքով ետ քաշուած է 100 տարի առաջ Օսմանեան թուրքերու կողմէ 1.5 միլիոն հայերու սպանութիւնները «ցեղասպանութիւն» չանուանելու իր հետեւողական դիրքորոշումէն:

Կտրուկ փոխելով իր մօտեցումը`Եւրոմիութեան մէջ Թուրքիոյ առեւտրային գլխաւոր գործընկերն ու միլիոնաւոր թուրքերու տուն դարձած երկիրը կը միանայ միւս պետութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, ինչպէս Ֆրանսային, Եւրոխորհրդարանին եւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին` օգտագործելով «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը, որուն կիրառումը ամէն անգամ կը քննադատէ Թուրքիոյ նախագահ Թայիպ Էրտողան:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի խօսնակ Շտեֆան Սէյպերտի խօսքով, կառավարութիւնը պիտի աջակցի ուրբաթ խորհրդարանին մէջ քննարկման դրուող բանաձեւին, որ հայերու կոտորածները կը հռչակէ իբրեւ Ցեղասպանութեան օրինակ:

Գերմանիան երկար ժամանակ կ’ընդդիմանար եւ «ցեղասպանութիւն» եզրը չէր կիրառեր, նոյնիսկ, երբ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած էին Ֆրանսան եւ միւս երկիրները: Բայց դաշնութեան կառավարութիւնը ենթարկուած է խորհրդարանականներու ճնշման, որոնք կը պահանջեն կիրառել այդ եզրոյթը ներկայացուող բանաձեւին մէջ:

«Կառավարութիւնը կ’աջակցի առաջարկուած բանաձեւին, ուր Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ հայերու ճակատագիրը կը ներկայացնէ զանգուածային սպանութիւններու, ցեղային զտումներու, արտաքսումներու եւ, այո, 20-րդ դարու ցեղասպանութեան օրինակ», – ըսած է Սէյպերտ:

Թուրքիան կը հերքէ, որ սպանութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են, երբ թուրքերը կը կռուէին ռուսերու դէմ, կարելի է որակել Ցեղասպանութիւն: Անգարան կը պնդէ, որ հայերուն ոչնչացնելու կազմակերպուած ծրագիր չէ եղած, եւ չկայ որեւէ ապացոյց, որ Օսմանեան իշխանութիւնը այդպիսի հրամաններ  արձակած է: ԱԳ նախարար Ֆրանք-Վալտեր Շտայնմայերը հրաժարած է կիրառել ցեղասպանութիւն բառը կիրակի ARD հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին, որպէսզի չտխրեցնէ Թուրքիոյ:

«Պատասխանատուութիւնը չի կրնար կրել միայն մէկ կողմը», – ըսած էր ԱԳ նախարարը: Բայց Քրիստոնեայ-Դեմոկրատական պահպանողական կուսակցութեան խորհրդարանականներն ու Սոցիալ-Դեմոկրատներու դաշնակիցները պահանջած են փոփոխութիւններ:

Փորձագէտներու խօսքով, մինչեւ հիմա Գերմանիոյ կողմէ հարցը այդպէս դիտարկելու ցանկութեան բացակայութիւնը կապուած է անոր հետ, որ Հոլոքոստի համար պատասխանատու, ատոր հետ դժուարութեամբ հաշտուող երկիրը կը վախնայ տխրեցնել Թուրքիոյ, 3.5 միլիոն գերմանաթուրքերուն եւ Գերմանիոյ մէջ բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներուն:

Գերմանիոյ կառավարութիւնը նաեւ չէ ցանկացած օգտագործել այդ բառը` մտահոգուելով, որ Հերերոյի կոտորածները, որոնք 1904-1905 թուականներուն իրականացուցած են գերմանական զօրքերը ժամանակակից Նամիպիոյ մէջ, կրնայ  նոյնպէս կոչուիլ Ցեղասպանութիւն, ինչ որ կը յանգեցնէ փոխհատուցման պահանջի:

«Աչք ծակող հակասութիւն կայ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը կը ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», – կ’ըսէ Պեռլինի Free համալսարանի քաղաքագէտ Այաթա Պիլյինը:

«Հետազօտութիւնները ցոյց  տուած են, որ տարբեր երկիրներու կողմէ արտաքին ճնշումները կրնան զգալի ազդեցութիւն ունենալ եւ Գերմանիան կրնայ շատ կարեւոր դեր խաղալ Թուրքիոյ շուրջ այս քննարկումներուն»:

Scroll Up