Ցեղասպանութեան 100-ամեակ. Լոս Անճելըսը Միջոցներ Յատկացուցած Է Նախագիծերու Համար
Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը 1,7 մլն տոլար յատկացուցած է արուեստի ոլորտին մէջ տարբեր նախագիծերու, ներառեալ Փոքր Արմէնիա թաղամասին մէջ գեղարուեստական նախագիծերու համար, որոնք նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Այս մասին կը հաղորդէ NEWS.am-ը` վկայակոչելով MyNewsLA.com կայքը, Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը հաստատած է ողջ քաղաքի տարածքին մէջ գեղարուեստական նախագիծերու համար 1,7 մլն տոլարի յատկացման ծրագիրը:
Դրամական միջոցները պիտի օգտագործուին տարբեր ծրագիրներու համար, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած որմնանկարներու վերանորոգման, Հարաւային Լոս Անճելըսի կեդրոնական պողոտայի երկայնքով գեղարուեստական սարքերու տեղադրման համար, ուր ամէն տարի ճազային փառատօն կ’իրականացուի: