Իրաքի Քիւրտիստանի Մէջ Հայերէնը Պետական Լեզու Ճանչցուած է

Հիւսիսիսային Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավար հատուածին մէջ հայերէնը եւս ճանչցուած է պաշտօնական լեզու: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով Rudaw.net կայքը:

Իրաքի Քիւրտիստանի ինքնավար հարտուածի առաջնորդ Մեսուտ Պարզանին ստորագրած է լեզուի մասին օրինագիծը, որմով քրտերէնէն եւ արաբերէնէն բացի հայերէնը, թուրքմէներէնը եւ ասորերէնը կը դառնան պաշտօնական լեզու:

Rudaw-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ Քիւրտիստանի խորհրդարանի մամուլի խօսնակ Թարըք Ճեւհեր նշած է, թէ լեզուի մասին յիշեալ օրինագիծը խորհրդարանը ընդունած է 2014-ի Հոկտեմբեր 29-ին եւ Նոյեմբեր 20-ին ներկայացուցած է Մեսուտ Պարզանիին:

Թարըք Ճեւհեր շեշտած է, թէ նոր օրինագիծով Քիւրտիստանի ինքնավար հատուածի այն վայրերուն մէջ ուր կ’ապրին հայեր, թուրքմէններ եւ ասորիներ, պաշտօնական լեզու կը դառնայ հայերէնը, ասորերէնը եւ թուրքմէներէնը:

Scroll Up