Հալէպ՝ Վոհմակներու Քաղաք

Մանուէլ Քէշիշեան “Սիվիլնէթ”-ին կը գրէ.

Մեր թաղերուն դիմագիծը կը սկսի փոխուիլ:

Առաջ երբ Նոր գիւղի փողոցներով քալէինք, գրեթէ միայն հայերէն կը լսէինք: Նոյնիսկ պտղավաճառները երբեմն հայերէն բառեր կը գործածէին՝ վատ արաբերէն խոսող հայ կանանց հետ առեւտուր ընելու համար:

Առաջ Սուլէյմանիէն հայկական թաղամաս կը համարուէր թէեւ հոն բազմաթիւ քրիստոնեայ արաբներ ալ կ’ապրէին: Առաջ Ճալաայի մէջ հայերը բացարձակ մեծամասնութիւն էին: Ճալաա թաղամասի այսօրուայ հայ մնացորդացը երբ առաւօտը շէնքի դռնէն դուրս կ’ելլեն ծանօթ մարդու չեն հանդիպիր «Բարի լոյս» եւ «Աստուծոյ բարին» փոխանակելու համար: Երկրէն հեռացող հայերը շրջանի բնակչութեան կէսէն աւելին են: Անոնց տուները կամ դատարկ են, կամ աւելի վտանգուած շրջաններէ եկած արաբներու վարձու տրուած են: Դեռ կայ նաեւ շրջանի դպրոցը ուր ապաստանած են բազմաթիւ փախստականներ:

Մեր թաղերը կը կորսնցնեն իրենց հայկական դիմագիծը, որովհետեւ Հալէպի մէջ թաղ մը չմնաց ուր հայերը մեծամասնութիւն կը կազմեն: Այսօր, հայկական թաղերը լաւագոյն պարագային արաբական բարձրակարգ թաղամասի տպավորութիւն կը թողեն: «Լաւագոյն պարագային», որովհետեւ երբեմն գիւղի ալ կրնայ նմանիլ…

Հալէպէն հեռացածներէն շատերուն, եւ նոյնիսկ տակաւին հոս գտնուողներէն ոմանց տուները վաճառքի հանուած են: Անտուն մնացած բազմաթիւ հայերու տրամադրուած են ժամանակաւոր բնակարաններ, որոնց տէրերը դուրսէն լուր կը ղրկեն. –Ձեր գլխուն ճարը տեսէք, մենք մտադիր ենք մեր տունը ծախել:

«Ճտերը աշնան կը հաշուեն» ասացուածքը այս տարի չհամապատասխանեց Հալէպահայութեան թուաքանակին: Վերջին երեք տարին դպրոցական վերամուտին կարելի էր իմանալ թէ որքա՛ն պակսած է մեր թիւը: Այս տարի այդպէս չէ: Գացողները իրենց ետին թողած են երթալու պատրաստ բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք այս կամ այն երկիր դիմած են եւ իրենց կարգը կը սպասեն հիւպատոսարաններու հարցազրոյցներուն ներկայանալու համար: Ամէն շաբաթ ծանօթ մը կ’երթայ Պէյրութ այդ հարցազրուցներուն համար…

Այո՛, այս տարուայ ճուտերու եւ ճուտիկներու աշնան հաշիւը չբրնեց: Կարծեմ ամբողջ տարուան ընթացքին պիտի հաշուենք եւ անոնց թիւը միշտ աւելի պակսած պիտի գտնենք: Մեր դպրոցներու աշակերտութեան թիւը կը պակսի, իսկ մանկապարտէզներու աշակերտութեան թիւը հսկայաքայլ կը նահանջէ: Այս պատճառով քանի մը հայկական մանկապարտէզներ արդէն իրար միացան:

Սակայն հարցը այնտեղ վերջ չգտնէր: Փողոցային դարձած մանուկներու կամ պատանիներու բազմաթիւ «վոհմակներ» կան ամէնուրէք: Մօտեցէ՛ք անոնցմէ մէկուն եւ հարցուցէ՛ք եթէ դպրոց կ’երթայ: Հաւանական պատասխանը ՈՉ պիտի ըլլայ:

Հայ եւ արաբ քրիստոնեայ մանուկները տակաւին դպրոց կ’երթան, շնորհիւ համայնքային կեանքի տասնամեակներու ընթացքին ստեղծած ընկերային որոշ սովորութիւններու եւ աւանդութիւններու: Իսկ մնացեալները՝ կարելի է ըսել որ մօտաւորապէս կէսը դպրոցէն հեռացած է:

Տգէտ փողոցային սերունդ մը հասակ կ’առնէ մեր շուրջը: Տգէտ՝ քանի որ պետական դպրոցներու մէջ դասաւանդութիւնը անլուրջ եւ անկանոն կերպով կ’ընթանայ: Ափսոսանքն ու ցաւը իրավիճակէն բան չի փոխել, քանի որ մեր դիմաց անյաղթահարելի պատ մը բարձրացած է: Ապագայի մասին մտածելը մղձաւանջ մըն է:

Փողոցէն հետեւեալ տեսարանը կը ներկայացնէ խնդիրի ծաւալը: Փոքրիկ աղջիկ մը մօտեցաւ Ֆալաֆէլի շրջիկ վաճառողին.

– Ամմօ՛ (հօրեղբայր) անօթի եմ…

«Ամմօն» ֆէլէֆէլի սէնտվիչ մը նուրիեց փոքրիկ աղջկան: Ուրիշ մանուկ մըն ալ մօտեցաւ՝ «Ամմօ՛, ես ալ անօթի եմ»: Ան սէնտուիչ մը եւս նուրիեց երկրորդ փոքրիկին: Երրորդ մըն ալ մօտեցաւ  նոյն խնդրանքով: «Ամմօն» տխրեցաւ, քանի որ իր միջոցներն ալ սահմանափակ են եւ չի կրնար անվճառ հաց բաժնել բոլոր անօթիներուն…

– Եթէ քեզի ալ կերակրեմ, ես անօթի պիտի մնամ,- ըսաւ ան:

– Ամմօ՛, իրաւ անօթի եմ,- կրկնեց տղան ու ձեռքը տարաւ դէպի անոր կառքը՝ իր ձեռքով խլելու սէնտուիչը…

Այսպիսով աղքատութիւնն ու անգործութիւնը փոքրիկ աւազակներ կը ստեղծեն, եւ անոնց թիւը օրըստօրէ կը բազմանայ: Այս փողոցային անմեղ մանուկները վաղը յանցագործներու  վոհմակներու պիտի վերածուին, որոնց մէջ պիտի ապրին դպրոց յաճախող մեր զաւակները:

Կը մնայ այդ անպատասխան հարցը, որմէ կը խուսաբին կարծես թէ բոլորը՝ ի՞նչ ընել:

Scroll Up