Տեղի Ունեցաւ «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն» Գեղատիպ Հատորին Շնորհանդէսն Ու Գինեձօնը
Հինգշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2014-ին Հալէպի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն» Ա․ հատորին (Պրունօ Էքարտի հաւաքածոն) գեղատիպ հատորին գինեձօնը, տպուած Հալէպ 2014-ին։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Եպս․ Սարգիսեան։ Գիրքին շնորհանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, հատորի հեղինակ՝ արուեստաբան, գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանն ու արուեստասէր հրաւիրեալներ։ Այս մասին կը հայտնէ «Գանձասար»:
Օրուան Հանդիսավար Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան ողջունելով հատորի հրատարակութիւնը, մէջբերում մը կատարեց «Ուրֆայի Հերոսամարտը» երկհատոր գիրքէն ու նշեց, թէ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող դժնդակ տարիներուն հայ տիկիններ եւ օրիորդներ նրբահիւս ասեղնագործութիւններ գործելով իրենց օրապահիկը կ՛ապահովէին, եւ ապա անոնց իւրայատուկ գործերը կը հասնէին հեռաւոր եւրոպաներ եւ բարձրօրէն կը գնահատուէին օտարներու կողմէ։ Եզրափակելով Տէր Տաթեւ ըսաւ, որ ուրախ ենք, որ այսօր այս գրքի հրատարակութեամբ կ՛անմահանայ Ուրֆայի ասեղնագործութեան արուեստը։
Այնուհետեւ «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն» գիրքը համառօտ կերպով ներկայացուց հալէպահայ մտաւորական, գրող Պերճուհի Աւետեան, վեր առնելով գիրքին գեղարուեստական եւ վաւերագրական արժէքն ու մէջբերելով հեղինակին վերլուծական նշումները։
Օրիորդ Աւետեան յայտնեց, թէ Հալէպի պատերազմական պայմաններուն մէջ անգամ մշակութային իւրայատուկ այս աշխատանքը, յատկապէս Հայոց ՑԵղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին վկայութիւնն է մեր ժողովուրդի անմահութեան։
Հատորին ծննդոցը ներկայացուց հեղինակ, արուեստաբան Հրազդան Թոքմաճեան, որ մանրմասնօրէն ներկայացուց ՈւրՖայի ասեղնագործութեան նմոյշներու ապահովման իր աշխատանքը, դիտել տալով, որ «Հատորի հրատարակութեան մեր ճամբորդութիւնը սկսաւ Սուրիոյ փոթորկալից ծովուն մէջ, սակայն շնորհիւ մեր յամառ աշխատանքին եւ Սրբազան Հօր մշտական քաջալերանքին, այսօր հասանք այստեղ՝ խաղաղ նաւահանգիստ եւ լոյս աշխարհ բերինք տարիներու աշխատանք խլած այս հատորը»։ Թոքմաճեան ընդգծեց, որ նախապէս հրատարակուած Մարաշի Ասեղնագործութիւնը, այժմ Ուրֆայի ասեղնագործութիւնն ու հետագային նաեւ Կիլիկիոյ այլ շրջաններու ասեղնագործութեանց նուիրուած գիրքերու հրատարակութեանց ծրագիրը մշակութային մտածուած քաղաքականութեան արդիւնք է։ Ան պատմեց, նաեւ հայրենիքի մէջ այս ուղղութեամբ տարած իր աշխատանքներն ու Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին տրամադրած նկարներու հաւաքածոն։ Դիտել տալով, որ այս աշխատանքը նաեւ Սփիւռք-հայրենիք գործակցութեան ցայտուն արքասիքն է։
Թոքմաճեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց նաեւ Ուրֆայի Ասեղնագործութեան նուրիուած Առաքէլ Պատռիկի գիրքը։ Եզրափակելով Հրազդան Թոքմաճեան ըսաւ, թէ ասեղնագործութիւնը լոկ ժողովրդային արուեստ չէ, այլ ժողովուրդի մը պատմութիւնն ու մշակոյթը արտացոլացնող ու անոր մշակութային որակը ներկայացնող արուեստ է, ապա շեշտեց Հալէպահայ գաղութի կարեւորութիւնը, որպէս պատմական մեր հայրենիքի ժառանգութեան գլխաւոր պահապանը։
Այս առթիւ սրտի խօսք արտասանեց հալէպահայ մտաւորական, գրող Լեւոն Շառոյեան, որ բարձրօրէն գնահատեց գրքին հեղինակը եւ յայտնեց, թէ Հրազդան Թոքմաճեան Հալէպի մէջ ունեցած իր աւելի քան 20ամեայ մշակութային գործունէութեամբ նոր որակ ու երանգ տուաւ հալէպահայ մշակութային կեանքին ու երեւան հանեց պատմական մեր հայրենիքի Կիլիկիոյ շրջանի ասեղնագործութեան եզակի արժէքները։
Գեղարուեստական յայտագրէն ետք օրուան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը։
Սրբազան հայրը ըսաւ, որ Սուրիան պատմական մեր հայրենիքի մերձաւորութեան մէջ գտնուած է եւ որուն շնորհիւ նաեւ ապրած ու գոյատեւած է մեր մշակոյթը։ ԱՆդրադառնալով հեղինակ Հրազդան Թոքմաճեանի աշխատանքին Սրբազան Հայրը նշեց, որ սոյն գրքին հրատարակութիւնը մտայղացողը, գիրքը պատրաստողն ու ուսումնասիրողը Հրազդանն է, որ այս տագնապին մէջ անգամ կը ստեղծագործէ։ Հրազդան սովորական հեղինակ մը չէ, այլ ասեղնագործութեան հայկական արուեստը ուսումնասիրող դպրոցի մը հիմնադիրն է։ Հալէպի մէջ Մարաշի Ասեղնագործութեամբ սկսած, Ուրֆայով շարունակուած այս դպրոցը պիտի շարունակուի եւ ընդգրկէ պատմական մեր հայրենիքի բոլոր շրջաններու ասեղնագործական արուեստը։ Մեր փափաքն է, որ ասեղնագործութեան արուեստը մեր եւ հայրենի ժողովուրդին ուշադրութեան կիզակէտին մէջ մնայ ու կորուստէ փրկուին մշակութային մեր գանձերը։
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն» հատորին գինեձօնը, մասնակցութեամբ՝ հայ երեք համայնքապետներուն, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսին եւ հեղինակին։
Աւարտին հեղինակը մակագրեց ներկաներուն տրամադրուած նորատիպ հատորին օրինակները։