Տիգրան Մանսուրեանի Ծննդեան 75-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Համերգ Նիւ Եորքի Մէջ

7-րդ տարին ըլլալով Նիւ Եորքի Բարեգործականի կանանց յանձնախումբը կը կազմակերպէ դասական երաժշտութեան համերգ, որ ընդհանրապէս կը զուգադիպի ամանօրեայ տօնական օրերուն։
Այս տարուան հանդիսութիւնը նուիրուեցաւ հայրենի երգահան Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 75րդ տարեդարձին։ Ան իր գնահատանքը գրաւոր յայտնեց ըսելով որ իր ստեղծագործութիւնները կը դառնային պատճառ ի մի հաւաքելու երաժշտասէր հասարակութիւնը։ Ըսենք որ այսօր Հայաստանի ամենէն վաւերական եւ համաշխարհային վարկ վայելող երաժիշտն է ան, որ Լիբանանէն հայրենադարձ եկաւ Խորհրդային Հայաստան եւ իր տաղանդն ու արուեստը շաղախեց հայրենի այլապէս հարուստ արուեստի աշխարհին, ինչպէս ըրին` Գոհար Գասպարեան, Օհան Տուրեան, Յովհաննէս Չեքիճեան եւ մեր միւս մեծերը։
Այս յայտագրին կազմակերպութեան համաատենապետները` Մարալ Ճէպէճեան ու Սօսի Սեդրակեան ամէն ջանք թափած էին լաւագոյնս կազմակերպելու այս ելոյթը։ Արդարեւ Նիւ Եորքի Ճիւլիըրտ երաժշտադպրոցէն, Լոնտոնի Արքայական Երաժշտութեան Հիմնարկէն, Միշիկընի Նահանգային Համալսարանէն, Սքովտիոյ Արքայական Երաժշտանոցէն եւ Մոնթրէալի Համալսարանէն շրջանաւարտ հոյլ մը տաղանդաւոր երիտասարդ երաժիշտներ բերին իրենց մասնակցութիւնը։ Բարեգործականի ամենէն որակաւոր մշակութային ձեռնարկը կոչուելու արժանի է այս տարեկան համոյթը։
Յայտագրին մէջ երկու գործ յատկացուած էր Մանսուրեանի ստեղծագործութիւններուն` «Ակնիւս Տէյ» մասնակցութեամբ` Նարեկ Յարութիւնեանի` գլարինէթ, Սամուէլ Առաքելեանի` ջութակ, Էտուըրտ Պօղոսեանի` թաւջութակ եւ Գրիգոր Խաչատրեանի` դաշնակ։ Նաեւ «Լամենթօ» կատարողութեամբ` Նունէ Մելիքեանի` դաշնակ, աննման կատարողութեամբ, ինչպէս մի´շտ։
Յայտագիրը սկսաւ Մոցարթի «Օպուա քառեակ»ով Լորեն Ուիլիըմզ` Օպուա, Նունէ Մելիքեան` դաշնակ, Վերոնիքա Վարդբարդիկեան` վիոլա եւ Է. Պօղոսեան` թաւջութակ։ Այնուհետեւ դաշնակի վրայ Գրիգոր Խաչատրեան լաւագոյնս արժեւորեց Շոփենի «Էթիւտ Օբիւս 25»ի գործը։
Սարգիս Մելքոնեան` բնիկ պուլկարահայ, որ գեղարուեստական ղեկավարն էր այդ երեկոյ, դաշնակի վրայ անմահացուց Առնօ Պապաջանեանի «Էլէկ»ին իսկ ներկաներուն բարձր գնահատանքին արժանացաւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի «Երեւան Էթիւտ»ը, մասնակցութեամբ` Նունէ Մելիքեանի, Լիլիթ Քիւրտեանի` թաւջութակ եւ Գրիգոր Խաչատրեանի։
Յայտագրին երկորդ բաժինը սկսաւ Ռոպերթ Շիւմանի «Դաշնակի հնգեակ»ով, որմէ ետք Նարեկ Յարութիւնեան, գլարինէթի վրայ հանդէս եկաւ Իվան Օլենչիքի «Սպանական գափրիս» կտորով, որ դարձեալ ընդունուեցաւ ներկաներուն կողմէ ծափահարութիւններով։ Արամ Խաթատուրեանի «Օրօր»ը Լորըն Ուիլիըմզի, Սամուէլ Առաքելեանի, Լիլիթ Քիւրտեանի եւ Սարգիս Զաքարեանի կողմէ ու այնուհետեւ Մոցարթի «Դաշնակի Սօնաթա»ն նուագուած Զաքարեանի եւ Խաչատրեանի կողմէ յաջողութեան նոր ու եզակի արձանագրութիւն մը հանդիսացաւ անկասկած։
Հուսկ, դարձեալ Սպենդիարեանէն «Խայթարմա»ն Առաքելեան-Մելիքեան-Վարդբարդիկեան-Պօղոսեան բերաւ աւարտը այս սքանչելի յայտագրին։
Արձանագրենք որ յայտագրին մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը Հայաստան ծնած մեր տաղանդաւոր արուեստագէտներն էին։ Անգամի մը համար դարձեալ կը հաստատենք մեր հայրենիքի մշակութային կեանքին որակն ու մակարդակը։ Որքա~ն աշխատանք տարուած է այս նոր սերունդին վրայ դեռ խորհրդային կարգերէն սկսեալ, երբ գուրգուրանքով անոնց ուսուցիչները հետեւած են իրենց աշակերտներուն երաժշտական դաստիարակութեան։ Անոնք միայն պատի´ւ կրնան բերել որեւէ ազգի։ Եւ անշուշտ նիւ եորքահայութեան մէջ անոնք մէկական արժէքներ կը մնան ու պիտի մնան ընդմիշտ։
Այս առթիւ կը շնորհաւորենք նաեւ ՀԲԸՄի երաժշտկան յանձնախումբը գլխաւորութեամբ Հայկ Արսէնեանի, ինչպէս նաեւ այս հանդիսութիւնը կազմակերպող տիկինները` Անիթա Անսրլեան, Գարոլ Արսլանեան, Սերտա Պըլըքտանեան, Պեթի Չերքեզեան, Մելիսա Տէմիրճեան, Նիլա Ֆստըգճեան, Մարալ Հաժժար, Հիլտա Յարութիւնենա, Մարալ Ճէպէճեան, Վեսնա Մարգարեան, Սօսի Սեդրակեան եւ Վերա Սեդրակեան, մէկական ազնիւ տիկիններ, որոնք ամէն ջանք կը թափեն բարձր պահելու հայ երաժշտութեան որակը այս հարուստ ոստանէն ներս։
Դեկտեմբեր 6, 2014ի երեկոյեան Գարնեկի համերգասրահի Ուայլ սրահը լեցուցած էին երաժշտասէր հասարակութիւն մը, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄի պատասխանատուներ գլխաւորութեամբ` Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի, բարերարներ եւ ՄԱԿի մօտ ՀՀ մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Զօհրապ Մնացականեան։
Յակոբ Վարդիվառեան