Եգիպտոսի Նուպարեան Դպրոցին Մէջ Պիտի Հնչեն Շառլ Ազնաւուրի Երգերը

“Արաքս” հայկական երգչախումբը Եգիպտոսի մէջ պիտի կատարէ ֆրանսահայ մեծանուն շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրի սիրուած երգերը: Ինչպէս կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը` վկայակոչելով եգիպտական “Ahram Online” անգլալեզու լրատուական կայքը, համերգը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 12-ին Գահիրէի Հելիոպոլիս արուարձանի Նուպարեան հայկական դպրոցին մէջ:

Եգիպտոսի հայկական փոքրամասնութիւնը` Գահիրէի եւ Ալեքսանդրապոլի մէջ շուրջ 6 հազար մարդ, աշխոյժ մշակութային գործունէութիւն կը ծաւալէ` ներկայացնելով հայկական ազգային մշակոյթը արուեստի տարբեր ժանրերու միջոցով:

Մասնաւորապէս յայտնի է հայկական “Արաքս” երգչախումբը, որ պարբերաբար հանդէս կու գայ համերգային ելոյթներով: Խմբավար Միհրան Գազելեանի ղեկավարութեամբ Գահիրէի այս երգչախումբը համերգ տուած է հայ երգահան Արամ Խաչատրեանի 110-ամեակին նուիրուած:

Գահիրէի “Արաքս” երգչախումբը ստեղծուած է 1990 թուականին` “Զուարթնոց” անունով, եւ կը գործէ Գահիրէի ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ: “ Արաքս” անունով երգչախումբը առաջին անգամ ելոյթ ունեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հիմնադրման 1700-ամեակին:

Scroll Up