«Թուրքիոյ Երիտասարդական Միութիւն»-ը Կը Ծրագրէ 2015-ի Ապրիլ 23-ին Հզօր Ցոյց Կազմակերպել Անգարայի ՄԷջ

Թուրքիոյ երիտասարդական միութեան ղեկավար Չաղտաշ Ճէնկիզը, մասնակցելով Միւնխենի մէջ կազմակերպուած «Աթաթուրքը եւ երիտասարդութիւնը» խորագիրով համաժողովին, իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան գալիք հարիւրամեակին: Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:

Ըստ թրքական «Հապեր 1» լրատուական կայքին, Ճէնկիզը ներկաներուն հաւաստիացուցած է, թէ իրենք լրջօրէն կը պատրաստուին հակադարձել ցեղասպանութիւնը միջազգայնօրէն ճանչնալ տալու հայկական գործողութիւններուն: Եւ ահա ծրագրած են, որ 2015-ի Ապրիլ 23-ին Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ հզօր ցոյց մը կազմակերպել:

Իսկ քրտական հարցի կարգաւորման վերաբերեալ Ճէնկիզը նշած է, որ երկրի արեւելեան շրջաններ բնակող քիւրտերու մեծ մասը համամիտ չէ անջատողականներուն հետ: Ըստ անոր, եթէ այսօր հանրաքուէ իրականացուի քիւրտերու հազիւ 3-4 տոկոսը կողմ կը քուէարկէ Թուրքիայէն բաժնուելու օգտին:

Scroll Up