Հայոց Իրաւունքները` Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Սեմին
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի եւ գործակցութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 5 դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ ժողովրդական հանդիսութիւն «Հայոց իրաւունքները` ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին» խորագիրով, Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազդակը»:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Զատիկ Ունանեան` նշելով, որ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին անհրաժեշտ է անդրադառնալ Հայ դատի պայքարի յառաջացման գործնական քայլերուն եւ երիտասարդութեան ներդրումին: Ան նկատեց նաեւ, որ հայոց դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ մեր դատը շարունակելու համար աւելի քան երբեք պէտք է կառչած մնանք Հայաստանին ու հայութեան, մեր մշակոյթին եւ ազգային արժէքներուն: Բացման խօսքի աւարտէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` «Հայոց իրաւունքները ցեղասպանութեան 100- ամեակի սեմին» նիւթով:
Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեցին Սէրլի Թոփալաքեան եւ Մակալի Թովմասեան, որոնք ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Մայրենի լեզու» քերթուածը, որմէ ետք ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան անդամները կատարեցին երկու խմբերգ:
Զատիկ Ունանեան
Յակոբ Բագրատունի
Հանդիսութեան պատգամը փոխանցեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան նկատել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս համաշխարհային Ա. պատերազմին հայ ժողովուրդի կրած արհաւիրքները խտացնող պատկերները այսօր` 100 տարի ետք կը կրկնուին նոյն ուժգնութեամբ, նոյն թափով եւ աւելի արդիական միջոցներով:
Ան յայտնեց, որ 100-ամեակը պահանջատիրութեան վերընձիւղման պայքարը բորբոքեցնելու անկիւնադարձային հանգրուան մը պէտք է ըլլայ: Այսօրուան Թուրքիան իր հարստութիւններով ու տարածքներով հիմնուած է անցեալին հայու կատարած արդար աշխատանքին արգասիքին վրայ, դիտել տուաւ ան, ապա շեշտեց նշելով, որ մեր կորուստը կարելի չէ դարմանել: Տեղահանութեան պատճառով մենք պիտակաւոր դարձանք աշխարհի երեսին եւ ցիր ու ցան եղանք: Միաժամանակ, պայքարելու վճռակամութեամբ դատապարտուած երիտասարդներ կը շարունակեն վառ պահել հայութեան արդար դատին ջահը:
100-ամեակի սեմին հաւաքաբար գործելու մարտահրաւէր ունին հայ ժողովուրդի զաւակները: Աշխարհի տարածքին իւրաքանչիւր հայ միաւոր կը պատկանի մէկ ամբողջութեան, կը ծառայէ դատին եւ ունի մէկ տեսլական` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը: Առանց հողերու ազատագրման, առանց ամբողջական ու հզօր Հայաստանի, Առանց Արցախի մեր դատը չ՛իրականանար: Մեր արմատներուն վերադառնալը հրամայական է ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ Հայաստանի հայութեան:
Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ հայկական արժէքներու կատարեալ յարգանքը սակարկելի չէ, ինչ որ հայուն է հայուն պիտի դառնայ, եւ հայը անպայման պիտի ստանայ հատուցում: Մեր պայքարի ճամբուն ընթացքին հայ երիտասարդին առջեւ կը դրուին ճակատագրական ու դիմադրողական մարտահրաւէրներ: Բոլոր աշխատանքները գնահատելի են, մարտունակութիւնը անհրաժեշտ է մեր իրաւունքները պաշտպանելու համար», եզրափակեց Բագրատունի:
Հանդիսութեան աւարտին ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի նուագախումբը ներկայացուց փունջ մը ազգային-յեղափոխական երգեր: Փակումը կատարուեցաւ նուագախումբի կատարողութեամբ «Արիւնոտ դրօշ» երգով: