Ֆրանսայի Գրադարանին Մէջ Կայացած Է «Տիգրանի Կերպափոխութիւնները» Գիրքի Շնորհանդէսը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/12/0124.jpg)
Փարիզի Մազարինի գրադարանին մէջ, մշակութային եւ հոգեւոր գործիչներու մասնակցութեամբ կայացած է Ալեքսանտր Սիրանոսեանի «Տիգրանի կերպարանափոխութիւնները» գիրքի շնորհանդէսը, որ գրուած է Մաքսիմ Եւադեանի հետ համագործակցութեամբ:
Այս մասին Artsakhpress-ի փոխանցմամբ` կը տեղեկացնէ «Nouvelles d’Armռnie» պարբերականը:
Երեկոն սկսած է հեղինակաւոր այդ գրադարանի տնօրէն Եան Սորտէի ելոյթով:
Ան ընդգծած է այդ հրատարակութեան կարեւորութիւնը արուեստի բնագաւառին մէջ, որ կը պատմէ դասական թատրոնին եւ քնարական արուեստին մէջ հայերու ներկայութեան զարմանալի եւ անյայտ մանրամասներուն մասին:
Այնուհետեւ «Հայաստանի աղբիւրները» միութեան նախագահ Մաքսիմ Եւադեան ու Ալեքսանտր Սիրանոսեան գիրքէն նկարներ եւ մեկնաբանութիւններ ներկայացուցած են, որուն հետեւած է լսարանի հետ կարճ քննարկում:
Գիրքերու մակագրման արարողութենէն առաջ Աստղիկ Սիրանոսեան (գիրքը նուիրուած է անոր եւ քրոջը` Շուշանին) շնորհակալութիւն յայտնած է հօրը եւ կատարած Պախի թաւջութակի համար սիւիտն ու Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն: