Սուրիահայ գրողներ հայրենիքի մէջ

Սուր­իոյ մէջ տի­րող պայ­ման­նե­րուն որ­պէս հե­տե­ւանք շա­տեր ձեռք առին գաղ­թա­կա­նի ցու­պը, ան­ցան այլ ցա­մա­քա­մա­սեր… Ոմանք նա­խընտ­րե­ցին հայ­րե­նի­քը եր­բեմն ժա­մա­նա­կա­ւոր կե­ցու­թեան, եր­բեմն տե­ւա­կան հաս­տա­տու­թեան հա­մար: Հայ­րե­նի­քը սա­կայն պա­տա­հա­կան գաղ­թա­վայր չէր, այլ` հայ մար­դու դա­րե­րու երա­զան­քը. բնա­կա­նա­բար հայ­րե­նի հո­ղին վրայ կե­ցու­թիւն հաս­տա­տե­ցին նա­եւ սուր­իա­հայ գրող­ներ եւ մտա­ւո­րա­կան­ներ: Անոնք, որ­պէս ան­դամ Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան, մաս­նա­կից դար­ձան քա­ղա­քին մէջ տի­րող գրա­կան բե­ղուն եռու­զե­ռին, իրենց յօդ­ուած­նե­րով հան­դէս եկան Երե­ւա­նի մէջ լոյս տես­նող թեր­թե­րուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ kantsasar-ը:

Այս ներ­կա­յու­թիւնը առիթ ստեղ­ծեց, որ Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան նա­խա­գահ Էտ­ուարտ Մի­լի­տոն­եան Չո­րեք­շաբ­թի, 5  Նո­յեմ­բեր 2014-ին, միու­թեան կլոր սրա­հին մէջ Սուր­ի­ա­հայ Գրող­նե­րու Հա­մախմ­բու­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պէ ու հո­վա­նա­ւո­րէ զայն:

Պրն. Մի­լի­տոն­եան բաց­ման խօս­քին մէջ ներ­կա­յա­ցուց սուր­ի­ա­հայ գրող­նե­րը.- Յա­կոբ Չո­լաք­եան, Յա­կոբ Մի­քա­յէլ­եան, Մա­րուշ Երամ­եան, Պեր­ճու­հի Աւետ­եան, Տիգ­րան Գա­բոյ­եան եւ Միհ­րան Մի­նաս­եան, նշե­լով, որ այս հան­դիպ­ման նպա­տա­կը Երե­ւա­նի մէջ գտ­նուող սուր­ի­ա­հա­յե­րու մտա­հոգու­թիւն­նե­րուն եւ խն­դիր­նե­րուն ծա­նօ­թա­նալն է: Ան քա­ջա­լե­րեց սուր­ի­ա­հայ գրող­նե­րու բե­ղուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը: Զար­մանք յայտ­նեց, թէ նման դժ­ուա­րին պայ­ման­նե­րուն մէջ, տա­կա­ւին «Գան­ձա­սար» շա­բա­թա­թեր­թը ան­խա­փան կեր­պով կը գոր­ծէ: Ակ­նար­կե­լով Պեր­ճու­հի Աւետ­եա­նի կող­մէ լոյս ըն­ծայ­ուած ման­կա­կան շար­քի նոր հրա­տա­րա­կու­թեան, ան գնա­հա­տան­քի խօսք ար­ձա­նագ­րեց: Ան պար­զա­բա­նեց նա­եւ զոհ­ուած բա­նաս­տեղծ­նե­րու գոր­ծե­րը տար­բեր լե­զու­նե­րով, հա­մայ­նա­գի­տա­րան­նե­րով լոյս ըն­ծա­յե­լու Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու Միու­թեան կող­մէ տար­ուած աշ­խա­տան­քը, որուն մաս կը կազ­մէ նա­եւ Տիգ­րան Գա­բոյ­եան:

Բա­նաս­տեղծ Գա­բոյ­եան նշեց, թէ սրա­հին մէջ ներ­կայ սուր­ի­ա­հայ գրող­նե­րը հաս­տատ­ուած են Երե­ւա­նի մէջ, այս հան­դի­պու­մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ հա­կիրճ ձե­ւով ծա­նօ­թա­նա­լու անոնց գրա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան եւ ծրա­գիր­նե­րուն: Ապա, անդ­րա­դառ­նա­լով Սուր­ի­ա­հայ Գրող­նե­րու Հա­մախմ­բու­մի մթ­նո­լոր­տին, ցան­կու­թիւն յայտ­նեց, որ այդ մթ­նո­լոր­տը շա­րու­նակ­ուի Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ ստեղծ­ուի մի­աց­եալ հայ գրա­կա­նու­թիւն:

Գրա­կա­նա­գէտ Յա­կոբ Չո­լաք­եան պատ­մա­կան ակ­նար­կով ներ­կա­յա­ցուց անց­նող հա­րիւ­րամ­եա­կի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած գաղ­թե­րը, եզ­րա­կաց­նե­լով, թէ Սփիւռ­քի մէջ երբ դպ­րոց կամ եկե­ղե­ցի կը կա­ռու­ցենք, ոչ թէ մեր վաղ­ուան օրը կ՛ապա­հո­վենք, այլ` քար մը կը դնենք ու կը հե­ռա­նանք:

«Կը ցան­կամ, որ հայ­րե­նի եւ սփիւռ­քա­հայ գրող­նե­րը կեան­քը տես­նեն ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ եւ իրենց գրա­կա­նու­թեան մէջ վեր հա­նեն այս հիմ­նա­կա­նը, որ իս­կա­պէս մեր ապա­գա­յի հետ առն­չու­թիւն ու­նի», ըսաւ ան:

Բա­նաս­տեղ­ծու­հի, ար­ձա­կա­գիր Մա­րուշ Երամ­եան փոր­ձեց ստեղծը­ւած իրա­վի­ճա­կին դրա­կան կող­մը տես­նել. ան յայտ­նեց, թէ Հա­լէ­պի մէջ տի­րող իրա­վի­ճա­կը ար­դէն անդ­րա­դարձ գտած է կարգ մը գրող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ, անոնք գրած են իրենց պա­տե­րազ­մա­կան առօր­եան նկա­րագ­րող օրագ­րու­թիւն­ներ:

«Դրա­կա­նը այն է, որ ի վեր­ջոյ հասկ­ցանք, որ վերջ­նա­կան կե­ցու­թիւնը հայ­րե­նի­քի մէջ է, ինչ ալ ըլ­լայ հայ­րե­նի­քի վի­ճա­կը ան մերն է իր լա­ւով ու վա­տով, նոյ­նիսկ եթէ պի­տի տա­ռա­պինք, թող այս հո­ղին վրայ տա­ռա­պինք, ոչ թէ օտա­րի հո­ղին վրայ», եզ­րա­փա­կեց ան:

Ար­ձա­կա­գիր Պեր­ճու­հի Աւետ­եան ամ­փոփ գի­ծե­րով ներ­կա­յա­ցուց Սուր­ի­ա­հայ Գրող­նե­րու Հա­մախըմ­բու­մի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նին: Ան յայտ­նեց, թէ «Սուր­ի­ան որ­պէս ծնն­դա­վայր սի­րե­լի էր բո­լո­րիս, ու­նէ­ինք բար­գա­ւաճ գա­ղութ եւ բե­ղուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւն, իսկ անոր կող­քին հայ­րե­նի­քը ու­նի իր ու­րոյն տե­ղը»:

Կր­թա­կան մշակ, ար­ձա­կա­գիր Յ. Մի­քա­յէլ­եան եւս խօ­սե­ցաւ սուր­ի­ա­հա­յը յու­զող խն­դիր­նե­րուն եւ անոր հայ­րե­նի հո­ղին հետ ու­նե­ցած ան­քակ­տե­լի կա­պին մա­սին:

Բա­նա­հա­ւաք Միհ­րան Մի­նաս­եան հայ­րե­նի­քի մէջ իր տա­րած գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին խօ­սե­ցաւ ու հաս­տա­տեց, թէ հայ մտա­ւո­րա­կա­նին տե­ղը իր հայ­րե­նիքն է:

Հայ­րե­նի ար­ձա­կա­գիր Ալիս Յով­հան­նէս­եան անդ­րա­դար­ձաւ սուր­ի­ա­հայ գրող­նե­րու գոր­ծե­րուն` գնա­հա­տե­լով Սուր­ի­ա­հայ Գրող­նե­րու Հա­մախմ­բու­մին կող­մէ հրա­տա­րակ­ուած «Երթ» տա­րե­գիր­քին երե­ւոյ­թը:

Բա­նաս­տեղծ Ար­տեմ Յա­րու­թիւն­եան կա­րե­ւո­րեց սուր­ի­ա­հայ գրող­նե­րուն հայ­րե­նի հո­ղին վրայ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­լու երե­ւոյ­թը: Տե­ղի ու­նե­ցաւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում, ելոյթ ու­նե­ցող­նե­րը մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նե­ցին սփիւռ­քա­հայ գա­ղութ­նե­րու հա­յա­թափ­ման, դպ­րոց­նե­րու եւ հայ­կա­կան կեդ­րոն­նե­րու փակ­ման գծով: Անոնք  կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշե­ցին, որ  նման պայ­ման­նե­րու մէջ հայ­րե­նի­քը պատ­րաստ պէտք է ըլ­լայ ըն­դու­նե­լու սփիւռ­քա­հա­յու­թիւնը, մա­նա­ւանդ աջակ­ցե­լու ծանր պայ­ման­նե­րու մէջ յայտն­ուած սուր­ի­ա­հա­յե­րուն, որ­պէս­զի անոնք վե­րա­դառ­նան հայ­րե­նիք ու չբռ­նեն ու­ծաց­ման ճա­նա­պար­հը:

Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս սուր­ի­ա­հայ գրո­ղին հան­դէպ ցու­ցա­բեր­ուած այս հո­գա­տա­րու­թիւնը խթան մըն է գրո­ղին` շա­րու­նա­կե­լու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր աշ­խա­տան­քը:

Ծնն­դա­վայ­րը կա­րօ­տով պա­րուր­ուած հեք­ի­ա­թա­յին տունն է, իսկ հայ­րե­նի­քը հո­գե­հա­րա­զատ բոյ­նը իւ­րա­քան­չիւր հա­յու:

 

 

Scroll Up