Հոգեհանգիստի Սուրբ Պատարագ Քուէյթի Մէջ

Նոյեմբեր 28-ին Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստի սուրբ պատարագ` ի յիշատակ Նոյեմբեր 12-ին Ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ խոցուած ուղղաթիռի օդաչուներուն` Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ, Գերապայծառ Տէր Մասիս Ծայրագոյն Վարդապետ Զոփույեանի նախագահութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ԱԳ նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը:

Պատարագի ընթացքին Գերպայծառ Հայր Սուրբը ներկաներուն փոխանցեց նահատակման սուրբ խորհուրդն ու աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` նահատակուած հոգիներուն եւ Հայաստանի ու Արցախի խաղաղութեան համար:

Պատարագի աւարտին՝ “Արարատ” սրահին մէջ՝ Քուէյթի մէջ ՀՀ դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան ելոյթ ունենալով`  խօսեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին, կարեւորեց Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան ամրապնդումն ու յետագայ սերտ համագործակցութիւնը` շեշտելով Հայոց բանակի ծանրակշիռ դերն ու հսկայական ներդրումը անվտանգութեան ամրապնդման եւ խաղաղութեան պահպանման գործին:

Իր հերթին Գերպայծառ Հայր Սուրբը քուէյթահայ համայնքի անունէն խորին ցաւակցութիւններ փոխանցեց Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ զոհուածներու ընտանիքներուն` միաժամանակ յայտնելով, որ քուէյթահայութիւնը պատրաստ է զօրավիգ կանգնելու Հայրենիքին եւ բոլոր միջոցներով նպաստելու անոր բարգաւաճման եւ յառաջադիմութեան:

g_image (1) g_image

Scroll Up