Վանի Հայկական Գերեզմանատուներէն Մէկուն Տեղը Գոմեր Պիտի Կառուցուին

Վանի Իփեքեօլու (Մետաքսի ճանապարհ) շրջանին մէջ գտնուող հայկական հին գերեզմանատան տեղը թաղապետի եւ Արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան համագործակցութեամբ գոմ եւ անասնակերի պահեստներ կառուցելու որոշում կայացուած է, այս մասին կը տեղեկացնէ Dicle լրատուական գործակալութիւնը:

Tert.am-ի փոխանցմամբ` տարիներ շարունակ աւերուած գերեզմանատան տապանաքարերը բնակիչներէն շատերը տուներու ու գոմերու շինարարութեան համար օգտագործած են, իսկ ոմանք ալ դէմ  կ’արտայայտուին պատմական ժառանգութեան ոչնչացման:

20 հազար քառակուսի մեթր տարածքին մէջ, որ շրջակայքի բնակիչները հայկական գերեզմանոց կը կոչեն, պահպանուած է գերեզմանաքարերու մէկ մասը միայն, որոնք կրնան պատմական ժառանգութիւն համարուիլ:

Գերեզմանաքարերէն մաս մը աւերուած է, կողոպտուած, միւս մասն ալ իբրեւ շինանիւթ  ծառայած է շրջակայքի բնակիչներուն համար: Երկրաշարժէն ետք տարածքը փորուած էր Արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան կողմէ, որպէսզի այնտեղ տնակներ տեղակայէն: Իսկ այժմ այնտեղ բնակիչներու համար գոմեր պիտի կառուցուին:

Այժմ թաղային խորհուրդը դիմած է  շարք մը կառոյցներու` նման շինարարութիւնը արգիլելու պահանջով, սակայն առայժմ ոչ մէկ զարգացում տեղի չէ ունեցած:

Scroll Up