Բակօ Սահակեան Այցելած Է Ֆրեզնօ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/01264-300x225.jpg)
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 24-ին այցելած է Քալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքը:
Նախագահը ծաղկեպսակներ դրած է քաղաքին մէջ կառուցուող 1915 թուականի Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին, աշխարհահռչակ գրող Ուիլեամ Սարոյեանի յուշարձանին եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման նշանաւոր գործիչ Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմին:
Նոյն օրը Նախագահն այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոսութիւն եւ հանդիպած պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի ու տեղի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման քննարկուած են Արցախին մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցեր: Նախագահն անդրադարձած է նաեւ ԼՂՀ արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ պատասխանած ներկաներու կողմէ բարձրացուած հարցերուն:
Բակօ Սահակեան բարձր գնահատած է Ֆրեզնոյի հայ համայնքի ներդրումը Արցախին սատարելու գործին մէջ եւ աւելցուցած, որ Ֆրեզնոն, ըլլալով կարեւորագոյն հայ գաղթօճախներէն մէկը, շօշափելի դերակատարութիւն ունի Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման մէջ:
Նախագահին կ’ուղեկցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեան, պաշտօնատար այլ անձիք: