Հայաստան Վերադառնալ Փափաքողները Կրնան Իրենց Հարցերը Ուղղել Տեսակապի Միջոցով

Օտարերկրեայ պետութիւններէն Հայաստան վերադառնալու ցանկութիւն ունեցող անձիք իրենց հետաքրքրող հարցերով կրնան դիմել պետական ծառայութիւններուն եւ անգամ տեսակապի միջոցով ստանալու իրենց հետաքրքրող հարցերու պատասխանները: Այս մասին այսօր` Նոյեմբեր 20-ին, մամլոյ ասուլիսին նշած է ՏԿՆ Միգրացիոն պետական ծառայութեան ղեկավար Գագիկ Եգանեան` աւելցնելով, որ այդ նպատակով կը գործէ «Տունդարձ» (tundarc.am) տեղեկատուական համակարգը:

Անոր խօսքով`  ոեւէ անձ կրնայ հարց ուղղել պետական պաշտօնեային, ինչպէս նաեւ տեսակապի միջոցով: Եգանեան նշած է, որ քաղաքացիներու հարցերուն տեսակապի միջոցով կը պատասխանեն հիմնականին մէջ վարչութեան պետեր եւ բաժնի պետեր:

Ան ընդգծած է, որ պետական մարմինը` ստանալով քաղաքացիի հարցը, կը մուտքագրէ այն եւ քաղաքացիին կ’ուղարկուի 12 նիշանոց ծածկագիր, որմով տուեալ անձը կրնայ հետեւիլ իր նամակի «ճակատագիրին»:

ՏԿՆ Միգրացիոն պետական ծառայութեան ղեկավարը նշած է, որ նման ծրագիրներով այս տարի Հայաստան  վերադարձած է 2000 մարդ:

Scroll Up