Թէքէեանը Անգլերէնով` Ընթերցողի Սեղանին
Մանկավարժական համալսարանին մէջ երէկ կայացած է անուանի գրող Վահան Թէքէեանի «Հատընտիր Քերթուածներ» գիրքի անգլալեզու հրատարակութեան շնորհանդէսը, որուն ներկայ էր նաեւ գիրքի գլխաւոր խմբագիր Երուանդ Ազատեան:
«Թարգմանուած բանաստեղծութիւնը նման է ապակիի վրայէ վարդի բոյրը զգալուն. պէտք է կոտրել ապակին եւ հայկական գրականութեան ընթերցասէրներուն ծանօթացնել գրողի ժառանգութեան ու ատոր ճիւղաւորումներուն»,- նշեց խմբագիրը` վստահեցնելով` բանաստեղծութիւնները անգլիական գրականութիւն փոխանցուած են իրենց իսկական դիմագծով:
Անդրադառնալով գիրքի հրատարակութեան` Երուանդ Ազատեան կարեւոր համարեց թարգմանիչ Ժիրայր Փափազեանի թարգմանական փորձառութիւնն ու այն համարեց հաւաքական աշխատանքի արդիւնք:
«Ունինք այնպիսի սերունդ, որ լեզուն ընկալելու, օգտագործելու եւ շողարձակելու հնարաւորութիւն ու կամք ունի: Հայ գրականութեան մեծերուն համաշխարհային պատուանդանի վրայ ներկայացնելը բոլորին պարտքն է»,-նշեց խմբագիրն ու վստահութիւն յայտնեց` գիրքը պիտի դառնայ համաշխարհային գրականութեան սեփականութիւն` Վահան Թէքէեանը ներդաշնակութեան եւ համադրութեան մէջ դնելով իր ժամանակի գրողներուն հետ:
Երուանդ Ազատեան իր ելոյթին մէջ վստահեցուց` ժամանակի ընթացքին անոր գրականութեան հանդէպ աճող հետաքրքրութեամբ եւ նման տպագրութիւններով Վահան Թէքէեան պիտի դառնայ փարոսի հզօրութեամբ հոգիներու վրայ տարածուող լոյս:
Գիրքի շնորհանդէսին ներկայ էին գրականագէտներ, համալսարանի դասախօսներ, ուսանողներ, ինչպէս նաեւ Բագրատ եպիսկոպոս Գալստեան, որ Վեհափառի օրհնութիւնն ու գնահատանքի խօսքը փոխանցեց Երուանդ Ազատեանին` աւելցնելով, որ ան երիտասարդական աւիւնով ու կորովով մշտապէս իր ծառայութիւնը բերած է մեր ընդհանրական կեանքին մէջ` իբրեւ համեստ ու խոնարհ մշակ:
«Մենք փոքր ազգ են, սակայն մեր ներդրումով եւ երկունքով աշխարհի շատ մեծերի հետ կարող ենք համընթաց քայլել: Այս գիրքը համաշխարհային գանձարանի համար մեծ ներդրում է. պէտք է կարողանալ լինել բացուած լուսամուտ աշխարհին»,-նշեց Բագրատ եպիսկոպոս Գալստեան:
Վահան Թէքէեանի 23 բանաստեղծութիւններ պարունակող «Հատընտիր Քերթուածներ» գիրքի թարգմանութեան եւ հրատարակութեան առթիւ գնահատանքի խօսքեր ըսին նաեւ Մանկավարժական համալսարանի Օտար լեզուներու բաժանմունքի տնօրէն Տիգրան Միքայէլեան, Բանասիրական բաժանմունքի Հայ հին եւ միջնադարեան գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի եւ Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոններու վարիչներ Աելիտա Դոլուխանեանն ու Սուրէն Դանիէլեանը:
Վերջիններս կարեւոր համարեցին գիրքի լոյսընծայումը` վստահ ըլլալով, որ այն պիտի ծառայէ ոչ միայն ամերիկեան եւ անգլիական գրականութեան ընթերցողներուն, այլեւ լեզուին չտիրապետող, սակայն հայ գրականութիւնը սիրող հայերուն, ինչպէս նաեւ համալսարաններու ուսանողներուն համար պիտի ըլլայ դասագիրք:
ԳԱԱ թղթակից անդամ, փրոֆէսոր Աելիտա Դոլուխանեան իբրեւ մանկավարժ անդրադարձաւ Թէքէեանին` յատկապէս «Հայոց եկեղեցին» բանաստեղծութեան` նշելով, որ այն պարտադիր պէտք է անցնիլ դպրոցներուն մէջ` ցոյց տալու եկեղեցւոյ դերը ազգապահպանութեան գործին մէջ:
Ան համամիտ է Երուանդ Ազատեանի` Թէքէեանին վերժամանակեայ գրող համարելուն հետ` նկատելով, որ ան այն բանաստեղծներէն է, որ խօսք ունեցած է Աստուծոյ հետ եւ խօսած համամարդկային ցաւերէն` երազելով, որ մարդկութիւնը դրախտ վերադառնայ առանց թուփ ու ծաղիկ ոտնատակ տալու:
Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ, փրոֆէսոր Սուրէն Դանիէլեան բարձր գնահատեց Ազատեանի` գրականութեան գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդը` ընդգծելով, որ այս թարգմանութեամբ նոր ճանապարհ կը բացուի դէպի Թէքէեանի միջազգային եւ ամբողջական ճանաչման:
Օտար լեզուի բաժանմունքի տնօրէն Տիգրան Միքայէլեան գիրքի տպագրութիւնը կարեւոր նկատեց օտարալեզու ուսանողներու տեսանկիւնէն` նշելով, որ մինչ օրս ուսանողներու մօտ այն տպաւորութիւնն է, թէ Թէքէեան արգիլուած գրող է. ամենակարեւորը` արեւմտեան մշակոյթը ներկայացնելն է, որ հիանալի ձեւով ներկայացուած է Թէքէեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ: