Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Աշխատանքային Այցով Կը Գտնուի Մեծ Բրիտանիոյ Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/Untitled-137.jpg)
Նոյեմբեր 17-ին աշխատանքային այցով Լոնտոնի մէջ գտնուող ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցան Բրիտանահայ համայնքային խորհուրդի ղեկավարութեան հետ:
Նախարար Յակոբեան ներկայացուց ՀՀ ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն հետ կապուած հարցեր: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան–Սփիւռք կապերու սերտացման, հայապահպանութեան առնչուող, ինչպէս նաեւ համայնքային կեանքի տարբեր ոլորտներու վերաբերող հարցեր, համատեղ նախագիծեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի մէջ 2014 թ. Սեպտեմբերին կայացած Հայաստան–Սփիւռք համաժողովի արդիւնքներուն: Քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքները:
Տիկին Յակոբեան հանդիպում ունեցաւ Լոնտոնի հայկական շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու տնօրէններուն ու ուսուցչական կազմին, քննարկուեցան դպրոցական դասագիրքերու, ուսուցիչներու վերապատրաստման ու համայնքէն ներս հայապահպանման առնչուող հարցեր:
Նոյն օրը Սփիւռքի նախարարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան մարմնի ու Թէքէեան մշակութային միութեան ղեկավարութեան: Հանդիպման ընթացքին կարեւոր համարուեցան Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները, քննարկուեցան հայ համայնքներուն մէջ լեզուի պահպանման հարցերը, ինչպէս նաեւ համատեղ մշակութային ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցեր:
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Մեծ Բրիտանիոյ վարչութեան անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին կայացաւ մտքերու փոխանակում համատեղ իրականացուելիք ծրագիրներու շուրջ, յատկապէս` առողջապահութեան բնագաւառին մէջ հնարաւոր փոխգործակցութեան եղանակներուն շուրջ: