Կառավարութիւնը 350 Միլիոն Դրամ Յատկացուցած է “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամին

Այսօր տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, զոր վարած է ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ին կը յայտնեն Կառավարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Ի թիւս շարք մը այլ որոշումներու` Կառավարութիւնը այսօրուան նիստին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը ապահովելու նպատակով Կառավարութիւնը 350 միլիոն դրամ յատկացուցած է “Հայաստան” համահայկական հիմնադրամին: