Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ներկայացում Պիտի Բեմադրուի

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին` 2015-ին ընդառաջ բեմադրիչ Նիհաթ Մուրշիթփընար սկսած է հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մասին պատմող ներկայացման բեմադրութիւնը, որուն հեղինակն է Օզկիւր Օզճանը:

Tert.am կը հաղորդէ, որ վերջինս խօսած է իր իսկ գրած ստեղծագործութեան մասին եւ նշած, որ անիկա բեմ պիտի բարձրանայ 2015-ին:

Խօսելով իր ստեղծագործութեան մասին` ան նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրները 1915-ին չեն սկսած ու աւարտած: Անոնք կը շարունակուին մինչ այժմ:

«Փիեսը գրելու ժամանակ փորձած եմ գտնել պատասխանն ու հանդիսատեսին հարցուցած, թէ ի՞նչ պէտք է փոխուի ու ի՞նչ չէ փոխուած անցեալ 100 տարիներու ընթացքին: Կոտորածները տեսնելով` լուռ մնացած մարդիկ կոտորողներու չափ յանցաւոր են»,- ըսած է ան:

Ներկայացման մէջ հայրենիքէն հեռանալ հարկադրուածները կը հանդիպին արտերկրի մէջ` Անդօ քեռիի մօտ:

Ան նշած է, թէ ինչ դժուարութիւններու կը հանդիպին ներկայացումը ցուցադրելու համար բեմ գտնելու հարցով:

«Մարդիկ կը մտածեն, որ այդպիսով իրենց կառոյցները վտանգի տակ կը դնեն: Միտքը, որ ներկայացումը հայերու եւ 1915-ի մասին է եւ որ պիտի բեմադրուի 2015-ին` ջարդերու 100-ամեակին, կը կաշկանդէ մարդոց»: Դեռ բեմ կը փնտռենք: Մեր ներկայացումը նաեւ հայերէն պիտի թարգմանուի»,- ըսած է ան:

Scroll Up