Պարզաբանում «Ժողովուրդ» Օրաթերթի Հրապարակման Վերաբերեալ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/01160.jpg)
«Ժողովուրդ» օրաթերթի կայքին մէջ Նոյեմբեր 18-ին հրապարակուած եւ տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ կը տարածուի «Որքա՞ն վճարած է սփիւռքի նախարարութիւնը բջջային հեռախօսներու ծառայութիւններէն օգտուելու համար» նիւթը, որ ապատեղեկատուութեան միջոցով թիւր պատկերացում կ’առաջացնէ Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան վերաբերեալ: Հրապարակման մէջ անհիմն ձեւով ներկայացուած են ուռճացուած, իրականութեան հետ առնչութիւն չունեցող թիւեր: Թերթը կը գրէ, որ . «…ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնն այս տարուայ հոկտեմբերին միայն բջջային հեռախօսների ծառայութիւններից օգտուելու համար բջջային կապի օպերատորին փոխանցել է աւելի քան մէկ միլիոն դրամ» եւ «…Սփիւռքի նախարարութիւնը ֆիքսուած կապի համար էլ վճարել է 2 միլիոն 750 հազար դրամ»:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն պաշտօնապէս կը տեղեկացնեն, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը այս տարուան միայն Հոկտեմբերին բջջային հեռախօսներու ծառայութիւններէն օգտուելու համար վճարած է 58 հազար ՀՀ դրամ, իսկ ֆիքսուած կապի համար` 312 հազար ՀՀ դրամ: