Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծում Ապու Տապիի Մէջ

Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, մեծ ուրախութեամբ կը յայտնենք թէ՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Հինգշաբթի, 11 եւ Ուրբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2014 երեկոյեան ժամը 4:00-ին տեղի պիտի ունենայ Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ օծումը:

Այս առիթով կը հրաւիրենք Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հաւատացեալ ժողովուրդը, ներկայ գտնուելու այս եզակի եւ հոգեպարար արարողութեանց, ինչպէս նաեւ կը հրաւիրենք այլ գաղութներու հաւատացեալները որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ պատմական օրուան:

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի
Ազգային Առաջնորդարան

Scroll Up