(Արևելահայերեն) Միհրան Հարությունյանը` հունահռոմեկան ոճի ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարի չեմպիոն

Յունահռոմէկան ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամ, միջազգային բազմաթիւ մրցաշարերու յաղթող ու մրցանակակիր, 66 քկ քաշային կարգի մէջ Հայաստանի ախոյեան Միհրան Յարութիւնեան անցնող շաբաթավերջին հրաշալի ելոյթ ունեցած է Դարգօ–Սալէ քաղաքին մէջ Ռուսաստանի Եամալօ-Նենեցեան ինքնավար մարզի նահանգապետի մրցանակներու միջազգային խաղարկութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը:

5-րդ անգամ կազմակերպուող այս ստուգատեսին մասնակցած են ոչ միայն Ռուսաստանի տարբեր մարզերու, այլեւ Ուքրանիոյ, Ղազախստանի, Ատրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Սերպիոյ եւ Հայաստանի 100-է աւելի ըմբիշներ, որոնց մէջ մեծ մասը աշխարհի ու Եւրոպայի առաջնութեան մրցանակակիրներ ու միջազգային մրցաշարերու յաղթողներ են:

Այս պատասխանատու մրցաշարին՝ Հայաստանը ներկայացնող Միհրան Յարութիւթեան, որ, ի դէպ, հանդէս եկած է իրեն համար նոր` 71 քկ քաշային կարգի մէջ, գերազանց դրսեւորած է ինքզինք: Պարտութեան մատնելով իր բոլոր մրցակիցները՝ (եզրափակիչին Վիքթոր Սադրիգովը)` նուաճած է ոչ միայն այս քաշային կարգի գլխաւոր մրցանակը, այլեւ ցուցադրած իր բարձր վարպետութեան համար՝ ստուգատեսի կազմակերպիչներու կողմէ ճանչցուած է մրցաշարի լաւագոյն ըմբիշ ու պարգեւատրուած է յատուկ մրցանակով:

Նշենք, որ Յարութիւթեանէն բացի հիւրերէն ախոյեան դարձած է նաեւ 98 քկ քաշային կարգի մէջ հանդէս եկած Պելառուսիոյ պատուիրակ Ալեքսանդր Կրապովիգը:

Միւս 6 քաշային կարգերուն մէջ (59 քկ, 66 քկ, 75 քկ, 50 քկ, 85 քկ եւ 130 քկ) յաղթած են Ռուսաստանի ըմբիշները:

Scroll Up