Իրաքի քրտական մարզին մէջ 4.000 հայեր կը բնակին

Ապտել­խա­լեք Սուլթան «Ազատ Իրաք» ձայ­նասփիւ­ռի կայ­քին վրայ զե­տեղո­ւած իր յօ­դուա­ծին մէջ կը գրէ, որ Տո­հուք նա­հան­գի հա­յաբ­նակ Աւզրուք գիւ­ղի հո­գեւոր հո­վիւ Մա­սիս Շա­հինեան «Ազատ Իրաք» ձայ­նասփիւ­ռին յայտնած է, որ ՏԱ­ՀԵՇ-ի զի­նեալ­նե­րու իրա­քեան քա­ղաք­նե­րուն դէմ շղթա­յազեր­ծած յար­ձա­կումնե­րը պատ­ճառ դար­ձած են աւե­լի քան 150 հայ ըն­տա­նիք­նե­րու տե­ղահան­ման: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը :

“Այդ ըն­տա­նիք­նե­րը տե­ղահա­նուե­ցան դէ­պի Տո­հուք, Զա­խօ նա­հանգ եւ Հաւ­րեզքի ու Աւզրու­քի նման հայ­կա­կան գիւ­ղեր”, ըսած է ան:

Շա­հինեան յայտնած է. “Տե­ղահա­նուած Հա­յերուն մե­ծամաս­նութիւ­նը ներ­կա­յիս ու­րիշնե­րու նկատ­մամբ վստա­հու­թեան կո­րուստէ կը տա­ռապի, որով­հե­տեւ անոնք, որոնք զի­րենք կո­ղոպ­տե­ցին ու վտա­րեցին, իրենց դրա­ցիներն էին, որոնց հետ եր­կար տա­րիներ ապ­րած էին։ Այդ պատ­ճա­ռով անոնց մե­ծամաս­նութիւ­նը չ՚ու­զեր իր բնա­կավայ­րը վե­րադառ­նալ, մա­նաւանդ որ իրենց ամ­բողջ ու­նե­ցուած­քը կորսնցու­ցին, ապա վտա­րուե­ցան եւ իրենց կա­լուած­նե­րը գրա­ւուե­ցան, եւ եթէ քրտա­կան մար­զի կա­ռավա­րու­թեան ջան­քե­րը չըլ­լա­յին, անոնց ապա­գան շատ գէշ պի­տի ըլ­լար”։

Աւզրուք գիւ­ղի հայ հո­գեւոր հո­վիւը աւել­ցուցած է, որ Տո­հու­քի արեւ­մուտքը գտնո­ւող Հաւ­րեսզի բնա­կիչ­նե­րը տե­ղահա­նուած­նե­րը հիւ­րընկա­լած են եւ տե­ղահա­նուած ըն­տա­նիք­նե­րէն ոմանք ուղղո­ւած են Զա­խօ գա­ւառ եւ Աւզրուք գիւղ, իսկ այլ ըն­տա­նիք­ներ` Էր­պիլ:

Քրտա­կան մար­զի խորհրդա­րանի մէջ երես­փո­խան Երո­ւանդ Ամի­նեան յայտնած է, որ տե­ղահա­նուած Հա­յերուն կա­ցու­թիւնը վեր­ջին շրջա­նին բա­րելա­ւուած է, սա­կայն կան կարգ մը ըն­տա­նիք­ներ, որոնք տա­կաւին օժան­դա­կու­թեան կը կա­րօտին: Ան աւել­ցուցած է, որ կան նաեւ կարգ մը ըն­տա­նիք­ներ, որոնք կ՚ու­զեն Իրա­քէն գաղ­թել, որով­հե­տեւ ամէն ինչ կորսնցու­ցած են, հա­կառակ անոր, որ քրտա­կան մար­զին մէջ անոնց կա­ցու­թիւնը կա­յուն է:

Իր ըն­տա­նիքին հետ տե­ղահա­նւած հայ կին մը` Ալիս Նի­սան, «Ազատ Իրաք» ձայ­նասփիւ­ռին յայտնած է, որ իրենք Իրա­քէն պի­տի չհե­ռանան, որով­հե­տեւ “հա­կառակ մե­զի պա­տահա­ծին՝ մեր հո­ղերէն, հա­րազատ­նե­րէն ու ար­մատնե­րէն չենք կրնար բաժ­նո­ւիլ։ Զի­նեալ­նե­րը առե­ւան­գե­ցին ըն­տա­նիքիս կարգ մը ան­դամնե­րը, բայց հակառակ ամէն բանի, մենք մեր ծնած այս հո­ղին վրայ ապ­րե­լու իրա­ւունքը կը պա­հան­ջենք”։

Մու­րատ Մար­թի­նեան հայ­կա­կան Հաւ­րեզք գիւ­ղին գիւ­ղա­պետն էր, եւ երբ ՏԱ­ՀԵՇ-ի զի­նեալ­նե­րը Սին­ճա­րի եւ Զու­մա­րի դէմ յար­ձա­կում գոր­ծե­ցին, 35 կա­մաւոր­նե­րէ բաղ­կա­ցած մար­տա­կան խումբ մը յա­ռաջա­ցուց գիւ­ղի բնակ­չութիւ­նը պաշտպա­նելու հա­մար:

Գիւ­ղա­պետը յայտնած է, որ իրենք փեշ­մերկա­ներուն հետ հա­մակար­գո­ւած ձե­ւով իրենց գիւ­ղը պաշտպա­նելու հա­մար հսկո­ղու­թիւն կը կա­տարեն, եւ թէ` պատ­րաստ են կռո­ւելու եւ զո­հուե­լու, եթէ յար­ձա­կու­մի են­թարկո­ւին:

Ձայ­նասփիւ­ռի կա­յանի կայ­քէջը կը նշէ, որ վեր­ջին տա­րինե­րուն բազ­մա­թիւ Հա­յեր Իրա­քի մէջ ընդհան­րա­պէս քրիս­տո­նեանե­րը թի­րախ դար­ձուցած յար­ձա­կումնե­րէն ետք գաղ­թած են քրտա­կան մարզ, ուր ներ­կա­յիս կը գտնո­ւին շուրջ 4 հա­զար Հա­յեր, որոնց մե­ծամաս­նութիւ­նը կը բնա­կի Տո­հուք նա­հանգին մէջ:

Scroll Up