Վարդան Ապտօ կը մեծարուի

35 տարիներ առաջ իր նախաձեռնութեամբ ծնունդ կ’առնէր Նիւ Ճըրզիի Հայկական Ռատիօժամը: Սիթըն Հօլ Համալսարանի WSOU կայարանէն, ամէն կիրակի կէսօրէ ետք, ամենայն հաւատարմութեամբ հայութեան ձայնը կը հասնէր հայ ունկնդիրներուն։ Նախաձեռնութիւնը Վարդան եւ Ատրինէ Ապտօ ամոլին կը պարտէր, որովհետեւ Վարդան նոյն համալսարանին մէջ ուսողութեան դասախօս ըլլալով, իրաւունք ձեռք բերած էր համայնքային յայտագիր մը սփռելու։
Թէքէեանի մեծ ընտանիքը, առաջին իսկ օրէն, նեցուկ կանգնեցաւ ռատիօկայանին, իսկ թէքէեանական տղաք բերին իրենց անվերապահ աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը Վարդանի հաղորդումներու ծրագրին։ Կ’արժէ յիշել գոնէ սկզբնական օրերէն անոնցմէ երկու անուն` Կարօ Այալթինի եւ Նորայր Մկրտիչեանի, որոնք որպէս խօսնակ եւ հաղորդումներու վարիչներ մնայուն ծառայութիւն բերին ռատիօհաղորդումներուն։ Այնուհետեւ եկան նորեր, որոնք ցայսօր կը շարունակեն հանրօգուտ այս աշխատանքը։
Թէեւ 60ական թուականներուն Նիւ Եորք ունեցած էր Անդրանիկ Փոլատեանի ղեկավարութեամբ իր ռատիօժամը որպէս ՀԲԸՄի կողմէ ծառայութիւն` հայ համայնքին համար, սակայն այդ չէր կրցած ունենալ երկար կեանք։
Նոյեմբեր 7, 2014ին Նիւ Ճըրզիի «Ռաքլի Գաունթի Գլապ»ի սրահը հաւաքուած էին ռատիօժամին առաքելութիւնը գնահատող ազգայիններ, բարեկամներ, բարերարներ եւ Վարդանի ռամկավար ազատական գաղափարի ընկերները։ Մեծարանքը կազմակերպուած էր ՀԲԸՄի Մեծն. Նիւ Եորքի տիկնանց յանձնախումբին կողմէ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հայաստան մեկնումին պատճառով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառին շքանշանի տուչութիւնով սկիզբ առաւ յայտագիրը։ Այս առթիւ Խաժակ Արք. Պարսամեան Վարդանին լամբակին ամրացուց Հայրապետական «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանը եւ յանձնեց սրբատառ կոնդակը։ Իր հայրական գնահատաքի խօսքը ուղղելէ ետք սրբազանը անմիջապէս մեկնեցաւ օդակայան։ Այնուհետեւ, շարունակուեցան գնահատանքի արտայայտութիւնները. Դեսպան Զօհրապ Մնացականեան յանձնեց «Մովսէս Խորենացի» մետալը եւ Վարդանանց Ասպետներու Եղբայրակցութեան նախկին աւագ սպարապետ Դոկտ. Տենիս Փափազեան յանձնեց մասնաւոր շքանշան մը։
Օրուան հանդիսավարներն էին Թուֆայեան ընտանիքի երեք զաւակները` Քրիսթին Գասալի, Քերըն Նարկիզեան եւ Կրեկ Թուֆայեան։ Իրենց հայրը` Հրաչ Թուֆայեան առաջին օրէն քաջալերած է հաղորդումներու այս ծրագիրը։ Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի «Շուշի» պարախումբը ղեկավարութեամբ` Սեդա Բասքալեան-Գանթարճեանի։
Ռատիօժամին կամաւոր աշխատակիցներուն կողմէ ցուցադրուեցաւ կարճ մեթրաժ ժապաւէն մը պատրաստութեամբ` Տիրան Ճեպեճեանի, իսկ անկէ ետք` վաւերագրական ժապաւէն մը Վարդանին կեանքը նկարագրող։
Ատրինէ Ապտօ, որ ռատիօժամի հիմնադրութեան առաջին օրէն մաս կազմած է այս յայտագրին, խօսք առաւ եւ լաւագոյնս նկարագրեց անոր ծնունդը եւ յամառ աշխատանքը Վարդանին ու իր գործակիցներուն։
Վարդանի շնորհակալական խօսքէն ետք, հուսկ, բեմ հրաւիրուեցաւ Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ ռատիօժամին մասին եւ 21րդ դարու առաջ կանգնող լրատուամիջոցներու մարտահրաւէրներուն մասին խօսելով, յոյս յայտնեց որ սփիւռքահայ մեր բոլոր մամոււլն ու հաղորդումները կարենանք բերել միջազգային նման պահանջուող տուեալներու մակարդակին։
Մէջ ընդ մէջ, յայտագրէն անդին, առիթ եղաւ ներկաները միասին զրուցելու եւ հին բարեկամութիւններ վերանորոգելու։
Պատրաստուած փոքր յայտագիր գրքոյկին մէջ տեղ գրաւած էր Վահան Թէքէեանի «Բարձրացում» բանաստեղծութիւնը եւ Վարդան մնաց հաւատարիմ ատոր ոգիին։
Եթէ կրնաս` Բարձրացի´ր, բայց գիտե՞ս ո´ւր մինչեւ ո´ւր,
Եւ քեզի հետ ուրիշներն` եթէ կրնաս` բարձրացո´ւր,
Բայց մինչեւ ո՞ւր, մինչեւ ո՞ւր …։
Վարդան իր հետ բարձրացուցած եղաւ իր կամաւոր աշխատակիցները` Ֆլորանս Աւագեան, Կարպիս Գազանճեան, Սեդա Ճեպեճեան, Խորէն Պէզիրեան, Յակոբ Պուչաքճեան, Տիրան Ճեպեճեան, Քաթիա եւ Լորի Քիւբելեան եւ Ատրինէ Ուչարեան։ Այս համբուրելի տղոց համար Նիւ Ճըրզիի ռատիօժամը եղաւ իրա´ւ դպրոց մը։ Եւ որուն համար շնորհակալ կրնանք ըլլալ Վարդանին։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Նիւ Եորք